2013-04-16 18:39:42

ՀԱԻԱՏՔՆ ՈԻ ԶՂԱՅԻՆ ՍՊԱՌՈՒՄԸ


ՈՐ՞ն է քրիստոնէական հաւատքին դերը յաղթահարելու համար ընկճումը կամ ջղային խանգարումը : Ներկայիս, ընկճումը դասուած է որպէս առաջնագոյն պատճառներէն մին անձնասպանութեան : Երբ մարդիկ կ’անդրադառնան թէ կեանքը ունայն է եւ անիմաստ, ուղղակիօրէն ընկճումի անտանելի վիճակի կը մատնուին, որուն հետեւենքը կ’ըլլայ մահը անձնասպանութեամբ :
Չմոռնանք թէ ախտաբանական կամ գոյութեան կապուած ընկճումը մարդուս ընկերակցած է հին դարերէն ի վեր : Սակայն ներկայ քաղաքակրթութեան մէջ, ցիրուցան խանգարումէ մը ան դարձած է համաճարակ մը, հետեւանք արդի մտածելակերպին որ կը շեշտէ կեանքի ունայնութիւնն ու անիմաստութիւնը :
Ընկճումը միայն բժշկական կերպարանք մը չէ այլ նաեւ ընկերային, քանի որ այսպիսի հիւանդութիւն մը կը գոյանայ երբ բարոյական մեկնակէտը կը խանգարուի կամ երբ հիւանդ անձը հոգեւոր կեանք մը չունի՝ հիմնուած Աստուածաշունչին խօսքերուն վրայ :
Երբ մահը կը նկատոփ մշակոյթին վերջնական արդիւնքը, կեանքի եւ իրականութեան բացասական երեսն է որ կը պարտադրուի : Երբ մարդուն գերագոյն հարցումները ճշգրիտ, ամփոփ եւ գոհացուցիչ պատասխաններ չեն ստանար, այն ատեն ան կ’ըլլայ անհեթեթ: Տխրութիւնն ու վախը կը տիրապետեն մարդոց վրայ եւ անոնք կ’իյնան թմրեցուցիչներու ազդեցութեան տակ կամ կ’ենթարկուին հոգեբանական հիւանդութիւններու : Աոաւել եւս, անհատականութիւնը, իսկական քրիստոնէական, բարոյական կրթութեան, հաւասարակշռութեան եւ արմատացումի պակասը կը տկարացնեն մարդը :
Միակ հաստատ յոյսը որ դէմ կը կենայ ընկճումին՝ կեանքին յաղթանակն է մահուան վրայ, պէտք է նկատի ունենալ Քրիստոսի փրկչա-գործութեան հրաշքը եւ ապացուցանել ներկայ աշխարհիս անոր գործունեութիւնը : Իսկապէս, քրիստոնէական հաւատքին մէջ կարելի է ունենալ դարմանումը՝ բուժելու համար ընկճումը:
Ընտանիք մը կը տառապի երբ անոր անդամներէն մին ջղային քայքայում ունի : Սակայն, ան կը ներկայանայ որպէս լաւագոյն դարմանն ու օժանդակութիւնը հիւանդին : Ունկնդրել, հասկնալ, սիրել, շարունակ արժեւորել հիւանդը, զինք մասնակից դարձնել եւ անոր ուշադրութիւն տալ, ահա ուղին որ մեզի կ’առաջարկէ Եկեղեցական հովուականութիւնը:
Իսկ ո՞ր մէկն է ազդեցութիւնը քրիստոնեային համար :
Կարեւոր է յիշեցնել ընտանիքին, դպրոցին, երիտա-սարդական միութիւններուն եւ եկե-ղեցական կազմակերպութիւններուն թէ անոնք անփոխարինելի դեր կը կատարեն՝ ներշնչելով մարդոց անձնաւորութիւները :
Պէտք է օգնել ընկճուած հիւանդները՝ իրենց ապացուցանելու համար Աստուծոյ ողորմութիւնը, երբ զանոնք կ’ընդունինք մեր ընկերային կեանքէն ներս եւ անոնց կարեւորութիւն կու տանք՝ իրենց հետ եւ իրենց համար կ’աղօթենք, անոնք մեր սէրն ու հիւրընկալութիւնը պիտի զգան որպէս դրական ազդեցութիւն մը: Այս բոլորը պիտի նմանի Քրիստոսի սիրոյն որ մեզի համար միշտ յոյսի եւ կեանքի ճամբան կը բանայ :
Ինքնավստահութիւնը եւ կեանքի արժէքը կարելի է գտնել քրիստոնէական յոյսի ուսուցման մէջ, յոյս մը որ պայծաո ապագայ մը կ’առաջարկէ Աստուծոյ հետ եւ որ մեզ կ’արմատացնէ փափաքին մէջ՝ գտնելու կեանքի երջանկութիւնը Յիսուսի ընկերակցութեամբ :
Թշուաո մարդը միշտ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ քրիստոնէական առաքելութեան մէջ. Տէր Աստուած չի մոռնար ընկճուածները, այլ անոնք Իր սիրոյն կեդրոնակէտերն են : Երբ Քրիստոս իր մեսիական կեանքը սկսաւ, ժողովուրդին ըսաւ. «Ես եկած եմ հիւանդներուն եւ ընկճուածներուն համար» : Հոգեւոր կեանքը կը վերափոխէ այս խոստումը զայն ընելով հաստատ պարունակութիւն մը որ հաւատացեալին կու տայ հոգեկան ոյժը դիմակալելու բոլոր դժուարութիւններն ու հիւանդու-թիւները, ուրեմն ընկճումն ալ :
Որպէս եզրակացութիւն, Ս. Յովհաննէսի աւետարանը պատասխան մը կու տայ մեզի. «Թող չխռովի ձեր սիրտը. Աստուծոյ հաւատացէք, ինծի ալ հաւատացէք : Հօրս տան մէջ շատ օթեւաններ կան. եթէ այդպէս չըլլար՝ ձեզի ըսած կ’ըլլայի, վասնզի ես կ’երթամ ձեզի տեղ պատրաստելու : Եթէ ես երթամ ու ձեզի տեղ պատրաստեմ՝ դարձեալ կու գամ եւ ձեզ քովս կ’առնեմ, որպէսզի ուր որ ես եմ՝ դուք ալ հոն ըլլաք : Դուք գիտէք՝ թէ ո՛ւր կ’երթամ, ճամբան ալ գիտէք : Ե՛ս եմ ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք» (Յովհ 14, 1-7) :








All the contents on this site are copyrighted ©.