2013-04-16 10:09:31

Դամասկոսի Մարոնի Եկեղեցւոյ Առաջնորդը Կը Նկարագրէ Սուրիոյ Մէջ Քրիստոնեաներուն Գողգոթան.


''Մեռնիլ կամ փախչիլ'' ողբերգական է իրավիճակը։
Դամասկոսի Մարոնի եկեղեցւոյ առաջնորդը Սամիր արք. Նասսար, ֆիտես լրատու գործակալութեան հետ ունեցած՝ ելոյթով յայտարարեց որ ՜՜Սուրիոյ քրիստոնեաները կը գտնուին դառն եղելութեան մը առջեւ` ընտրել մահուան ու փախուստի դառն բաժակներու միջեւ՝՝։ Սուրիոյ միլիոնաւոր բնակիչները` իսլամ թէ քրիստոնեայ, անպաշտպան վիճակի մը մէջ են, անոնք թիրախ են ռմբոկոծումներու, քիմիական ռումբերու, ապասնունդի ու դարմանումի պակասի։ 223 հիւանդանոցներ փակուած են ու բժիշկներ փախուստի ճամբայ ընտրած են, կը բացայայտէ Դամասկոսի առաջնորդը, աւելցնելով որ նման աւերի մը առջեւ ՜՜ամէնքս՝՝ փախուստի կը դիմենք, նոյնիսկ երբ փախուստը այլ ճամբայ մըն է մահուան, դանդաղ մահուան։ Տեղական եկեղեցիները քրիստոնեաներու համար դարձան ապաստանարան մը։ Սուրիոյ քրիստոնեաները 2005-ին ականատես եղան ՄԱԿի բերած օգնութիւններուն իրաքցի գաղթականներուն որոնց նաեւ հայթայթեցին անցագիրներ որպէսզի անոնք կարենան երթալ Արեւմտեան երկիրներ։ Այսօր Սուրիոյ քրիստոնեաները նեղութիւն կը զգան, միջազգային հասարակութեան լռութեան ու անտարբերութեան համար, ի տես իրենց դժբախտ ու երկարատեւ գողգոթային։ Գերապայծառ Սամիր Նասսար իր վկայութիւնը կը փակէ ըսելով մենք լքուած ենք, մահուան դատապարտուած՝ առանց կարելիութիւն ունենալու փախուստի։ Հիւպատոսարանները մէկ ու կէս տարիէ ի վեր փակ են։








All the contents on this site are copyrighted ©.