2013-04-15 12:59:25

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը Ընդունեց Սպանիայի Վարչապետ` Տիար Մարիանօ Րախոյ Պրէյ


Երկուշաբթի 15 ապրիլի առաւօտեան ժամը 11-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Սպանիայի Վարչապետ` Տիար Մարիանօ Րախոյ Պրէյը, անոր կողակիցը ու իրենց ընկերացող պատուիրակութիւնը։
Սրբազան Հօր հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, Րախոյ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի ու արտգործ նախարար գերապայծառ Մամպերթիի հետ։ Հանդիպումի ընթացքին խօսակցութեան նիւթ եղան նաեւ. Սպանիայի տնտեսական տագնապը ու անորմէ յառաջացած դժուարութիւնները. Եկեղեցւոյ ու Եկեղեցական կազմակերպութիւններու կարեւոր դերը ինչպէս նաեւ ընկերութեան զանազան դասակարգերու միջեւ երկխօսութեան հաստատման անհրաժեշտութիւնը։ Զրոյցի ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի եւ Սպանիայի միջեւ 1979-էն ի վեր հաստատուած դիւանագիտական փոխյարաբերութիւններու մասին ու նաեւ ''ամուսնութեան ու ընտանիքի'' կարգաւորման ու կրօնի դաստիարակութեան կարեւորութեան մասին։

Նորին Սրբութիւնը ապա ժամը 11,30-ին ընդունեց Երուսաղէմի Լատիններու պատրիարքը` գերերջանիկ ֆուատ Թուալ եւ իրեն ընկերացող Իսրայէլի, Պաղեստինի, Յորդանանի եւ Թիւնիզի թեմերու առաջնորդները։ Իսկ ժամը 11,45-ին, Սուրբ Պետրոսի յաջորդին կանոնական հնգամեայ այցելութիւններու առթիւ, Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ Թրիվէնէթօ Նահանգի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի 7 եպիսկոպոսներուն` գլխաւորութեամբ Վենետիկի Պատրիարք գերապայծառ ֆրանչէսկօ Մորալիայի, որ է նաեւ Թրիվէնէթօ նահանգի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ.









All the contents on this site are copyrighted ©.