2013-04-15 12:57:32

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը Հռոմի Սուրբ Պօղոսի Պազիլիքայի Մէջ։


''Հաւատացեալներու եւ Հովիւներու խօսքերու ու գործերու հակասութիւնը կը քայքայէ Եկեղեցւոյ հաւաստիութիւնը։''

Կիրակի 14 ապրիլի յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Հռոմի Սուրբ Պօղոսի աթոռանիստ պազիլիքան ուր գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։
Արարողութեան ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը կատարելով Սուրբ գրային ընթերցումներուն մասին, մատնանշեց աւետարանի վկայութեան կարեւորութեան, օրինակ առնելով Սուրբ Պօղոսը ''Տիրոջ հեզ ու հզօր առաքեալը որ խօսքով աւետեց Յիսուսը, մարտիրոսութեամբ վկայեց Անոր մասին եւ ամբողջ սրտով պաշտեց զինք''։ Երեք բայեր որոնց վրայ կ՛ուզեմ շեշտը դնել ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ''հռչակել, վկայել եւ պաշտել''։
Նորին Սրբութիւնը ապա մեկնաբանեց Գործք առաքելոցի գիրքէն քաղուած այն հատուածը ուր Պետրոսը եւ միւս առաքեալները ատեան կանչուած` քաջութեամբ կը պատասխանեն թէ ''հարկ է Աստուծոյ հնազանդիլ քան մարդոց'', առանց վախնալու այս յայտարարութեան հետեւանքներէն։ Իսկ մե՞նք - հարց տուաւ Սրբազան Հայրը - գիտե՞նք խօսիլ Քրիստոսի մասին։
Աստուծոյ ծրագիրէն ներս իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն կարեւոր է, նոյնիսկ ամէնէն փոքր ու խոնարհ վկայութիւնը։
Թաքուն մնացած շատ սուրբեր կան - աւելցուց Նորին Սրբութիւնը - ու աշխարհի մէջ շատեր կան որ Պետրոսի ու աշակերտներուն նման` իրենց հաւատքի համար կը չարչարուին։ ''Կարելի չէ վկայել Յիսուսի Աւետարանը առանց փորձառութեամբ ճանաչելի կեանքի վկայութեան'' հաստատեց ֆրանչիսկոս Պապը ու շարունակեց ''Հաւատացեալներու եւ հովիւներու խօսքերու ու գործերու հակասութիւնը կը քայքայէ Եկեղեցւոյ հաւաստիութիւնը։''

Հռչակել ու վկայել Յիսուսը կարելի է միայն երբ Պետրոսի, Յովհաննէսի եւ միւս առաքեալներուն նման գտնուինք Յարուցեալ Յիսուսի մօտ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը ապա ուրիշ հարցում մը ըրաւ ''Դուն. ես կը պաշտե՞նք Տէրը. Աստուծոյ կը դիմենք միայն խնդրանքնե՞ր ներկայացնելու ու շնորհակալութիւն յայտնելու, կամ անոր կ՛երթանք նաեւ զինք պաշտելու համար։ Ի՞նչ կը նշանակէ պաշտել զԱստուած։ Կը նշանակէ մեր կեանքէն ներս Տիրոջ սահմանել ամէնակարեւոր տեղը։
Հարկ է որ ձեռբազատուինք թաքուն կուռքերէն, ինչպէս աշխարհիկ ձգտումները, յաջողութիւններ, ու զԱստուած դասենք մեր կաենքի կեդրոն։

Սիրելի բարեկամներ ապա եզրափակեց Սրբազան Հայրը, Տէրը ամէն օր մեզ կը կանչէ իրեն հետեւելու քաջութեամբ ու հաւատարմութեամբ։ Ան մեզի պարգեւեց իրեն աշակերտելու շնորհքը ու մեզ կ՛ուղարկէ զինք հռչակելու ուրախութեամբ, խօսքով ու կեանքի վկայութեամբ, մեր առօրեային մէջ։
''Հռչակել, վկայել եւ պաշտել'', Սուրբ Կոյս Մարեամը եւ Պօղոս առաքեալը մեզի ըլլան հովանի այս մեր ուղեւորութեան ընթացքին։










All the contents on this site are copyrighted ©.