2013-04-15 13:05:47

Քահանայապետական Անուանում


ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Հալէպի Լատին եկեղեցւոյ առաքելական փոխանորդի՝ գերապայծառ Ճուզէփփէ Նածծարոյի հրաժարականը (ֆրանչիսքեան միաբանութենէն) եւ անոր տեղ անուանեց նոյն միաբանութենէն՝ Հայր Ճորճ Ապու Խազէնը։
Նոր առաքելական փոխանորդը՝Հայր Ճորճ Ապու Խազէն, ծնած է 1947-ին՝ Էյն Զէպտէի մէջ (Լիբանան) որպէս ֆրանչիսքեան միաբան իր առաջին ուխտերը կատարած է 1968-ին իսկ մշտնջենաւոր ուխտերը 1972-ին ։
Ան իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Քասլիք համալսարանին մէջ, եւ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած՝ 1973-ին։
Պաշտօնավարած է Աղեքսանդրիոյ (Եգիպտոս), Երուսաղէմի ու Բեթղեհէմի մէջ, մինչեւ 2004 տարին, եւ այդ թուականէն ի վեր Հալէպի մէջ կը պաշտօնավարէ։ Այլ լեզուներու շարքին, Հ. Ճորճ Ապու Խազէն, լաւագոյն կերպով կ՝արտայայտուի արաբերէն, իտալերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով ։








All the contents on this site are copyrighted ©.