«Սուրիական Տագնապը Սկսած Է Վտանգել Յորդանանի Ազգային Անվտանգութիւնը» Կ՛ըսէ Յորդանանի
Վարչապետը
Յորդանանի վարչապետ Ապտալլա Նսուր յայտնեց, որ սուրիական տագնապը սկսած է վտանգել Յորդանանի
ազգային անվտանգութիւնը` հերքելով, որ Յորդանանի մէջ սուրիացիներու կամ օտար բանակներու
մարզումի կեդրոններ գոյութիւն ունին: Ան խորհրդարանին մէջ վստահութիւն ստանալու համար
իր կառավարութեան ծրագիրը ներկայացնելու ընթացքին նշեց, որ սուրիական տագնապը պիտի շարունակուի,
«ինչ որ Յորդանանի վրայ ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենայ»: Ան ընդգծեց, որ Սուրիոյ
տագնապն ու ատոր հետեւանքները հասած են այնպիսի հանգրուան մը, որ Յորդանանի ազգային անվտանգութեան
համար սպառնալիքի վերածուած են: Յորդանանի վարչապետը յայտարարեց, որ իր երկիրը որոշած
է ներկայանալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին` արծարծելու համար իր հողերուն վրայ գտնուող
սուրիացի գաղթականներու հարցը: «Կ՛ուզենք աշխարհը սուրիացի գաղթականներուն առնչութեամբ
միջազգային ուղղուածութիւն մը գոյացնելու իր պարտաւորութեան առջեւ դնել», ըսաւ ան: Սուրիական
ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ
Քայիտայի ղեկավարութեան տակ մտնելու մասին «Ժապհաթ Նուսրա»-ի յայտարարութիւնը Սուրիոյ
նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին շահերուն կը ծառայէ: Մարմինը «Ժապհաթ Նուսրա»-ին կոչ
ուղղեց «սուրիական ազգային դասին մէջ» մնալու: Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարար
Պոպ Քար յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ «Ժապհաթ Նուսրա»-ի շարքերուն մէջ կռուող աւստրալիացիները
«Աւստրալիոյ դէմ հաւանական վտանգ մը կը ներկայացնեն»: Ան նշեց, որ իր կառավարութիւնը
ստացած է տեղեկութիւններ, թէ սուրիական վարչակարգին դէմ կռուող աւստրալիացիները կրնան
ահաբեկչական կազմակերպութեանց անդամակցած ըլլալ: Բրիտանական «Սանտէյ Թայմզ» օրաթերթը
իր կարգին մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ մէջ կռուող արեւմուտքցի իսլամականներու թիւի
աճին առնչութեամբ: Օրաթերթը հաղորդեց, որ Լոնտոնի Քինկզ Քոլեճ համալսարանէն հետազօտողներու
գնահատմամբ սուրիական ընդդիմութեան միացած են 2000-էն 5500 օտար զինեալներ, որոնց 7 կամ
11 առ հարիւրը Եւրոպայէն եկած են: Իրաքի փոխադրամիջոցներու նախարարութիւնը յայտարարեց,
որ Մոսկուայէն Դամասկոս ուղղուող սուրիական օդանաւ մը խուզարկած է` աւելցնելով, որ օդանաւը
42 ճամբորդներ կը փոխադրէր եւ անոր մէջ որեւէ արգիլեալ բան չէ գտնուած: «Մարմարա»
կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ուրբաթ օր Պոլսոյ
հաշտարարութեան 2-րդ միջազգային համագումարի նիստին ընթացքին յայտնած է, որ «Սուրիոյ
մէջ չկրցանք յաջող հաշտարարութիւն կատարել: 10 ամիս ճիգ վատնեցինք, աշխատեցանք, որպէսզի
Ասատը համոզենք իր ժողովուրդին դէմ զինուորական ուժ չգործածելու: Սուրիոյ մէջ միակ լուծումը
ընդունիլն է, որ ժողովուրդը ինք պէտք է ճշդէ իր ճակատագիրը: Մենք իբրեւ դրացի երկիր կ՛ուզենք
Սուրիոյ ժողովուրդին օգնական ըլլալ: Պէտք է համաձայնութիւն մը գոյանայ: Սակայն ՄԱԿ-ը
մինչեւ այսօր Սուրիոյ մասին որոշում չորդեգրեց, ասոր հաշուեցուցակը Սուրիոյ ժողովուրդն
է, որ կը վճարէ, ու նաեւ մենք եւ դրացի միւս երկիրները»: Ան նաեւ ըսած է, որ «բոլորս
ալ կ՛աշխատինք ի նպաստ շրջանային հաշտութեան ու խաղաղութեան: Հաշտարարութեան խնդիրի մէջ
անհրաժեշտ է որդեգրել նոր մօտեցում մը: Թուրքիա ինչո՞ւ այսքան գործօն հաշտարար դեր կը
կատարէ իր շրջանին մէջ: Որովհետեւ Թուրքիա այս երկիրներուն հետ պատմական կապեր ունի:
Այդ երկիրներն ալ Թուրքիան կը տեսնեն իբրեւ եղբայր պետութիւն: Ասիկա Թուրքիոյ վրայ պատասխանատուութիւններ
կը բեռցնէ: Մենք բոլոր այս հաշտարարութիւններէն շահ մը ձեռք բերելու նպատակ չենք հետապնդեր:
Այս պարտականութիւնը կը կատարենք, որովհետեւ կ՛ուզենք, որ մեզ շրջապատող երկիրները խաղաղ
ըլլան: Եթէ շուրջդ խաղաղութիւն չկայ, դուն ալ չես կրնար խաղաղ ըլլալ»: