2013-04-14 12:13:40

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքը։


''Աղօթենք Հալածուած Քրիստոնեաներուն Համար'' :

Կիրակի 14 ապրիլի կէսօրին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Ողջ Լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը կատարեց քաղուած` ''գործք առաքելոց'' էն ուր կը խօսուի առաքեալներու առաջին քարոզութեան մասին, որոնք հռչակեցին Յիսուսի հրաշափառ Յարութեան լուրը։ Երբ քահանայապետները զանոնք ատեան կանչեցին եւ պատուիրեցին այլեւս չի խօսիլ Յիսուսի անունով, Պետրոս եւ առաքեալները պատասխանեցին ''Հարկ է աւելի Աստուծոյ հնազանդիլ քան մարդոց։ մեր հայրերուն Աստուածը մեռելներէն յարոյց այս Յիսուսը....''։
''Առաքեալները ո՞ւր գտան իրենց այս վկայութեան քաջութիւնը'' - հարց տուաւ Սրբազան Հայրը ու աւելցուց - Յստակ է որ միայն Յարուցեալ Քրիստոսի ներկայութիւնը իրենց մէջ եւ Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը կրնան այս մէկը բացատրել։ Իրենց հաւատքը հիմնուած էր Յիսուսի մահուան ու Անոր Յարութեան զօրաւոր փորձառութեան վրայ եւ այլեւս ոչ մէկ բանէ վախ չ՛ունէին։ Հալածանքը նոյնիսկ պատիւ նկատուած էր անոնց համար։
Այս Քրիստոնեայ առաջին հասարակութեան պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ թէ երբ անձ մը Յիսուս Քրիստոսը ճանչնայ իսկապէս ու Անոր հաւատայ ու վայելէ անոր ներկայութիւնը, չի կրնար ուրիշներունմ չհաղորդել այս փորձառութիւնը ու երբ դժուարութիւններու եւ հակառակութիւններու կը հանդիպի, Յիսուսի նման, սիրոյ եւ ճշմարտութեան ուժով կը դիմագրաւէ զանոնք։
Հայցենք Տիրամօր օգնութիւնը - ըսաւ Սրբազան Հայրը - որպէսզի Եկեղեցին` ամէնուրէք կարողանայ քաջութեամբ հռչակել Տիրոջ Յարութիւնը ու եղբայրական սիրով պատշաճ վկայութիւն տայ անոր մասին։ Աղօթենք յատկապէս - եզրափակեց ֆրանչիսկոս Պապը - այն քրիստոնեարուն համար որոնք կը հալածուին եւ կը չարչարուին, թող զգան Յարուցեալ Տիրոջ ներկայութիւնը։

Ողջ Լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքէն ետք Նորին Սրբութիւնը վերյիշեց Վենետիկի մէջ շաբաթ 13 ապրիլին տեղի ունեցած Հայր Լուգա Բասսիի երանացման արարողութիւնը ու ապա սրտագին ողջոյնի խօսք ուղղեց ներկաներուն, յատուկէն ողջունելով բոլոր երիտասարդ ու երիտասարդուհիներոը որոնք կը պատրաստուին դրոշմի խորհուրդը ընդունելու։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը ապա բոլորին մաղթեց բարի կիրակի ու ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.