2013-04-14 10:30:14

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Կ՛այցելէ Հռոմի Սուրբ Պօղոս Պազիլիքան


Կիրակի 14 ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 17,30-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաջին անգամուան համար կ՛այցելէ Հռոմի աթոռանիստ Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքան, գլխաւորելու համար Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը իր այս այցելութեամբ ամբողջացուցած կ՛ըլլայ Հռոմի թեմի աթոռանիստ եկեղեցիներու այցը։
Արդարեւ Ան, իր ընտրութեան յաջորդ օրը իսկ այցելած էր ''Սանդա Մարիա Մաճճորէ'' եկեղեցին եւ անցեալ 7 ապրիլին Նորին Սրբութիւնը հանդիսաւոր արարողութեամբ` ստանձնեց Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէսի թեմական աթոռը։








All the contents on this site are copyrighted ©.