''Թիւնիզի մէջ կ'ապրին շուրջ 20 հազար կաթողիկէներ։''
Կիրակի` 14
ապրիլին, Թիւնիզի մայրաքաղաքի առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ'ունենայ գահակալութիւնը
Գերապայծառ Իլարիօ Անթոնեացիի։ Յայտնենք որ Թիւնիզի առաջնորդութիւնը անմիջական կախում
ունի Երուսաղէմի լատին պատրիարքութենէն։ Անցեալ 16 մարտին, Իլարիօ Անթոնեացի, եպիսկոպոս
օծուեցաւ, գերերջանիկ ֆուատ Թուալ պատրիարքի ձեռամբ, Նազարէթի մէջ։ Թիւնիզիի առաջնորդութիւնը
ներկայիս կը հաշուէ շուրջ 20 հազար հաւատացեալներ, որոնց մեծամասնութիւնը Թիւնիզի հաստատուած
պաշտօնեաներ ու դիւանագէտներ են։