2013-04-13 10:11:44

''Սինիիս'' Լրատու Գործակալութեան 2013 - ի Համաշխարհային Վեհաժողովի Ներկայացումը։


''Հաղորդակցութեան միջոցները խաղաղութեան մշակոյթի համար. Նոր տեսակէտի ստեղծում նոր սերունդին հետ միասին''։

Ընկերային Հաղորդակցութեան միջոցներու Քահանայապեական խորհուրդը եւ Ռատիովականը կ՛աջակցին ''SIGNIS -Սինիիս'' կաթողիկէ կազմակերպութեան համաշխարհային վեհաժողովին որ տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի մէջ, յառաջիկայ 20 - 23 Հոկտեմբեր 2013։

Միջին Արեւելքի հաղորդակցութեան միջոցներու գործիչներուն որպէս զօրակցութեան նշան, ''Սինիիս'' կաթողիկէ հաղորդակցութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը, առաջին անգամուան համար Պէյրութի մէջ կը գումարէ իր լիանիստ վեհաժողովը որպէս նիւթ ունենալով ''հաղորդակցութեան միջոցները խաղաղութեան մշակոյթի համար. Նոր տեսակէտի ստեղծում նոր սերունդին հետ միասին''։

Այս առնչութեամբ երկուշաբթի 15 ապրիլի կէսօրին, Ռատիովատիկանի ''Մարքոնի'' անուան սրահին մէջ, նախատեսուած է մամլոյ ասուլիս մը ներկայացնելու համար վերոյիշեալ վեհաժողովի յայտագիրը։ Ելոյթ կ՛ունենան` գերապայծառ Գլաուտիօ Մարիա Զելլլի` ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահ, Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի`ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէն, գերապայծառ Փոլ Թիկէ` քահանայապետական ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու խորհուրդի քարտուղար եւ ''Սինիիս'' կազմակերպութեան նախագահ` Ակոսդին Լուրտուսամի որ պիտի ներկայացնէ այս կարեւոր եւ պատմական որոշումի իմաստը։
Մամլոյ Ասուլիսին կը մասնակցի նաեւ Լիբանանի Նուրսադ - Թելէլիւմիէր հեռուստակայանի հաղորդումներու տնօրէն` Մարի Թերեզ Քրէյտի։








All the contents on this site are copyrighted ©.