2013-04-13 09:05:44

Պան Քի Մուն Աշխարհի Ղեկավարներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Սուրիոյ Մէջ Բռնարարքները Կասեցնելու Գծով Անհրաժեշտ Միջոցառումները Որդեգրելու


ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Սպիտակ տան մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ կացութիւնը շատ վտանգաւոր է»: Ան աշխարհի պետութեանց ղեկավարներուն կոչ ուղղեց «բռնարարքներու կասեցման համար անհրաժեշտ միջոցառումները որդեգրելու»:
Քի Մուն ցաւ յայտնեց, որ սուրիական իշխանութիւնները քիմիական զէնքերու օգտագործման հարցին գծով միջազգային հետաքննիչներուն չեն արտօներ Սուրիոյ մէջ տեղակայուիլ` յոյս յայտնելով, որ սուրիական իշխանութիւնները ի վերջոյ կ՛արտօնեն, որ հետաքննիչները իրենց առաքելութիւնը իրագործելու համար անհրաժեշտ քայլերուն դիմեն:
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի կառավարութենէն պաշտօնատարներ մտավախութիւն յայտնած են, որ Կոլանի բարձունքին վրայ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերուն գլխաւոր բաղադրիչ մասը եղող աւստրիացի զինուորները իրենց երկիրը վերադառնան: Անոնք այդ մտավախութիւնը յայտնած են Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի` սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու պահանջներուն, ժիհատական կազմակերպութեանց Իսրայէլի մօտ դիրքերու գրաւման լոյսին տակ` նշելով, որ այդ զարգացումները կրնան ՄԱԿ-ի ուժերու լուծարման առաջնորդել:
Օրաթերթը կը գրէ, որ յառաջիկայ շաբաթներուն սուրիական ընդդիմութեան զէնքի մատակարարման դէմ Եւրոպական Միութեան հաստատած արգելքի ժամկէտը վերջ կը գտնէ, Բրիտանիա եւ Ֆրանսա կը պահանջեն ընդդիմադիրներուն զէնք մատակարարել, իսկ Աւստրիա կը սպառնայ այդ պարագային իր զինուորներուն Կոլանէն հեռացումը սերտել:
Զինուորական լաւատեղեակ աղբիւրներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներ աշխատանք կը տանին արդիականացնելու իրենց զինուորական ծրագիրները, որպէսզի անոնք ներառեն Սուրիոյ մէջ ուղղակի միջամտութիւն մը, որ զինուորական հարուածներ կը ներառէ: Աղբիւրները նշած են, որ ամերիկեան բանակի սպայակոյտէն անդամներ դեմոկրատական եւ հանրապետական քոնկրեսականներու ճնշումին տակ աշխատանք տարած են արդիականացնելու այդ ծրագիրները:
Աղբիւրները կը յայտնեն, որ ըստ նախնական տուեալներու, այդ ծրագիրը կ՛ընդգրկէ ամերիկեան ուժերու տարատեսակ դերակատարութիւններ, «որոնք կրնան յառաջիկայ շաբաթ յստակ դառնալ պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլի եւ սպայակոյտի պետ Մարթին Տեմփսիի քոնկրեսի առջեւ տալիք զեկուցումին ընթացքին»:








All the contents on this site are copyrighted ©.