2013-04-13 10:22:28

Հայր Լուգա Բասսիի Երանացման Արարողութիւնը Վենետիկի Մէջ։


Վենետիկի Ս Մարկոսի նուիրուած պազիլիքայի մէջ Շաբաթ 13 Ապրիլի յետմիջօրէին (ժամը 15-ին) տեղի կ՝ ունենայ Հայր Լուգա Բասսիի երանացման արարողութիւնը, նախագահութեամբ՝ Կարտինալ Անճելօ Ամաթոյի՝ կառավարիչը սուրբերու դատի քահանայապետական ժողովին եւ Վենետիկի արքեպիսկոպոս՝ գերապայծառ ֆրանչեսքօ Մորալիայի ։
Արարողութեան կը մասնակցին մեծ թիւով եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ շուրջ 4000 հաւատացեալներ՝ թէ Իտալիայէն եւ թէ աշխարհի զանազան վայրերէն...
Արարողութիւնը ուղղակի կը պատկերասփռուի Թէլէքիարա հեռուստատեսիլէն ։
Հինգշաբթի 11 ապրիլի՝ ժամը 21-ին (իրիկունը) տեղի ունեցաւ աղօթքի հսկում՝ ՜՜Հաւատքի քայլեր՝՝ թեմայով, Վենետիկի Սրբուհի Տորոթէի հիմնած կրօնաւորուհիներու մայր տան մէջ ( Cannaregio) ուր պահուած է երանելիին մարմինը։
Հայր Լուգա Բասսի, այսպէս կոչուած ՜՜Հոգեւոր Սիրոյ Քահանան՝՝ ծնած է Պերկամօ (Իտալիա) 1789-ին, ֆրանսայի յեղափոխութեան տարին։ Հաւատացեալ եւ բարեսէր բազմանդամ ընտանիքի զաւակ՝ ան անդրանիկն ըր՝ 11 քոյր եղբայրներուն։ Մայրը ճանչցուած էր որպէս ՜՜Աղքատներու Մայրը՝՝։ Երանելիի քահանայական կոչումին համար մեծ դեր ունեցած է եւ իրեն համար տիպար եղած է իր հօրեղբայրը՝ գերպ. Մարգօ Բասսի։
1807-ին նորընծայարան կը մտնէ. եւ այդ տարիներուն մաս կը կազմէ Մարեմեան ուխտին։ Վանքին մէջ, ան հետզհետէ կը լեցուի եղբայրսիրութեան ոգիով ՜՜Ուղին՝ առաքինութեան աճումին՝՝ ։
Որպէս մեծաւոր ՜՜Ս. Խորհուրդի՝՝ անուան միաբանութեան, Հայր Լուգա կը ծրագրէ ու ապա ի գործ կը դնէ ՜՜ հովուական- դաստիարակչական՝՝ մեթոտ մը, որ յետագային կը կոչուի ՜՜ Սրբուհի Տորոթէայի բարեպաշտ գործունէութիւն՝՝ հաստատութիւն, որ կը միտի ոչ միայն դաստիարակութիւն տալ աղջիկներուն այլեւ կրթութիւն (կազմաւորում)։
Քահանայ կը ձեռնադրուի 13 մարտ 1813-ին։
ֆրանսական յեղափոխութենէն ետք իտալական ընկերութիւնը եւս կը տուժէ, բարոյապէս ու հոգեւորապէս։ Կը տիրէ անգրագիտութիւնը, որ մեծապէս կ՝ազդէ մանուկներուն ու երիտասարդներուն վրայ. զանոնք հեռացնելով Եկեղեցիէն... Այն ատեն է որ Հայր Լուգայի մէջ կ՝աճի իր կոչումը որպէս ՜՜Շրջուն Միսիոնար՝՝. այս տիտղոսը կու տայ իրեն երջանկայիշատակ Գրիգոր ԺԶ. քահանայապետը։
Նոր Երանելիի հիմնած՝ ՜՜Սրբուհի Տորոթէայի Բարեպաշտ Գործունէութիւն՝՝ միաբանութիւնը, կը գործէ աշխարհի զանազան կողմերը. Ալպանիայէն Ափրիկէ ու Լատին Ամերիկա...
Հայր Լուգա կը վախճանի Վենետիկի մէջ, 18 Ապրիլ 1866-ին ու իր մարմինը կը հանգչի Սուրբ Միքայէլի անուան գերեզմանը։
1976-ին դուրս հանուած է, եւ այժմ կը գտնուի Սրբուհի Տորոթէի հիմնած կրօնաւորուհիներու մայր տան մէջ ( Cannaregio), յիշատակարանի մը մէջ, ուր նաեւ պահուած են վկայութիւնները իր կեանքին ու գործունէութեան մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.