2013-04-13 09:21:35

Երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի եւ Երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի Նուիրուած Յիշատակի Երեկոյ


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, յետեղեռնեան շրջանին կայք հաստատելէ ետք Անթիլիասի մէջ, իր առաքելութեան գլխաւոր նպատակը եղած է պահպանել հայ ժողովուրդին զաւակները, վառ պահել անոնց հոգիին մէջ Ս. Թադէոսի ու Ս. Բարթողիմէոսի եւ լուսաւորչեան ջինջ հաւատքը` Աստուածորդիին նկատմամբ: Ամուր ու կառչած պահել զանոնք ազգային ու մշակութային արժէքներուն` կարենալ հայաբար ապրելու սեփական ու պապենական հողերէն դուրս մնալէ ետք: Կիլիկեան դարաւոր Ս. աթոռին ուխտեալ սպասարկուները իրենց վեհապետներուն գլխաւորութեամբ ու իմաստուն առաջնորդութեամբ այս ուղղութեամբ է, որ գործած ու ծառայած են:
Այս տարի` 2013 թուականին կը զուգադիպին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երանաշնորհ երկու վեհափառներու` Զարեհ Ա.-ի եւ Խորէն Ա.-ի վախճանման տարելիցները: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի բարձր հովանաւորութեամբ, երէկ` ուրբաթ, 12 ապրիլի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ յիշատակի երեկոյ կատարուեցաւ երանաշնորհ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի վախճանման 50-րդ տարելիցին եւ երանաշնորհ Խորէն Ա. կաթողիկոսի վախճանման 30-րդ տարելիցին նուիրուած: Վեհափառ հայրապետին կողմէ յիշատակի երեկոյի այս որոշումով արժանի յարգանքն ու տուրքը մատուցուեցաւ երանաշնորհ հայրապետներուն, որոնք իրենց գահակալութեան տարիներուն անսակարկ նուիրումով այս դարաւոր Ս. աթոռին միջոցով ծառայեցին հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին:
Երեկոն սկսաւ 1988-ին վեհափառ հայրապետին` այն օրերուն Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ, երանաշնորհ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի վախճանման ի յիշատակ կատարուած ձեռնարկի ընթացքին արտասանած խօսքի ունկնդրութեամբ: Ապա, երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին մասին պատրաստուած տեսերիզ ցուցադրուեցաւ, որմէ ետք Ալեքքօ Պեզիքեան վկայութիւն տուաւ երանաշնորհ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի մասին: Պեզիքեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ես վեհափառը ճանչցայ իբրեւ մարդ, իբրեւ հոգեւոր հայր, իր պարզութեամբ ու մանաւանդ իր ներողամտութեան ոգիով»: Ապա խօսելով վեհափառի անձին ու գործունէութեան մասին` Ալեքքօ Պեզիքեան ըսաւ. «Այսօր կը խօսուի Հռոմէական եկեղեցւոյ նորընտիր գահակալ` նորին սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Ա.ի պարզութեան ու համեստութեան մասին: Ու կը մոռնանք, որ մե՛նք 57 տարիներ առաջ ունեցած ենք նոյն արժանիքներով ու շնորհներով վեհափառ մը` յանձինս Զարեհ կաթողիկոսին»: Իր խօսքի աւարտին, Պեզիքեան ըսաւ. «Զարեհ Ա. կաթողիկոս նահատակուեցաւ: Յարգանք նահատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին ու բի՜ւր յարգանք անոր անմար յիշատակին»:
Պեզիքեանի խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ երջանկայիշատակ Խորէն Ա. կաթողիկոսի մասին պատրաստուած տեսերիզը, որմէ ետք Խորէն կաթողիկոսի մասին իր վկայութիւնը տուաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին: Յ. Բագրատունի խօսելով երջանկայիշատակ Խորէն Ա. կաթողիկոսի մասին, նախ եւ առաջ յայտնեց, որ երջանկայիշատակ Խորէն Ա. կաթողիկոսը ճանչցած է իր փոքր տարիքէն, որովհետեւ ան իրենց ընտանիքին մօտիկ բարեկամը եղած էր: Բագրատունի նաեւ ըսաւ. «Տարիներու թաւալքին հետ աւելի ճանչցայ վեհափառը: Բացառիկ կարողութիւններով օժտուած անձ էր ան: Իր անունին կապուած են շինարարական, մշակութային, Ապրիլեան յուշարձանի կանգնումին եւ այլ բազմաթիւ իրագործումներ: Շինարար էր Խորէն Ա. կաթողիկոսը»: Շարունակելով իր խօսքը` Բագրատունի աւելցուց. «52 տարիներ Լիբանանի մէջ անցուցած տարիներու ընթացքին, իր կատարած իրագործումները կը վկայեն Խորէն Ա. կաթողիկոսի շինարար ոգիին մասին, ու բազմաթիւ կառոյցներ կը կրեն վեհափառին ճակտի քրտինքը»: Աւարտելով իր խօսքը` ան ըսաւ. «Խորէն վեհափառը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ամենայն հայոց կաթողիկոսը եղաւ, որ բոլորին կողմէ սիրուեցաւ»:
Տեսերիզներու ցուցադրութեան ու վկայութիւններուն ընթացքին մէջընդմէջ ելոյթ ունեցան Ճենտերեճեան եղբայրները` ջութակով, Յասմիկ Գասպարեանն ու Տաթեւիկ Արթինեանը` դաշնակով, եւ Շողիկ Թորոսեանը` մեներգութեամբ:
Աւարտին, երջանկայիշատակ հայրապետներուն մասին իր վկայութիւնը տուաւ նաեւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Իր խօսքին սկիզբը վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Ամբողջական հաւատարմութիւն եւ անանձնական նուիրում: Այս բառերով կը բնորոշուին մեր երկու սիրելի երջանկայիշատակ կաթողիկոսները»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառը ըսաւ. «Այս ձեռնարկին նպատակը անցեալը յիշել է եւ մեր յարգանքը մատուցել է անոնց ծառայական վաստակին: Երկու վեհափառ հայրապետները եղած են ուխտակից ու գործակից: Տարբեր խառնուածքով եւ տարբեր շնորհներով օժտուած էին անոնք, սակայն իրենց ծառայական ոգին նոյնն էր եւ անոնք իրենց անձերը աւետարանական ճշմարտութեամբ «գոյիւ չափ զկեանս իւրեանց» դրին հայ եկեղեցւոյ, հայ ժողովուրդին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բարօրութեան ու բարգաւաճման համար»: Իր խօսքի աւարտին, վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Մեր սիրելի կաթողիկոսները կը մնան խորհրդանիշ գալիք բոլոր սերունդներուն: Անոնք տագնապեցան, տքնեցան, ծառայեցին այս Ս. աթոռին, հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին, եւ վստահ եմ այսօր, որ անոնք կը հրճուին ի տես մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ տակաւ ամրապնդուող ազգային միասնականութեան»:
Յայտնենք, որ 2003-ին, Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսած է երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին «Յովհան Ոսկեբերան եւ իր «Մատթէի մեկնութիւն»-ը աշխատասիրութիւնը: Իսկ վերջին օրերուն լոյս տեսաւ երջանկայիշատակ Խորէն Ա. կաթողիկոսին «Կոնդակներ, պատգամներ եւ քարոզներ» հատորը







All the contents on this site are copyrighted ©.