2013-04-12 11:31:43

ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Նամակը Գարիթասի Մէջ
Ապաստանած Անձերուն։


՜՜Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի, ձեր մօտիկութեան ու գորովին համար. թող Տէրը լիապէս վարձատրէ՝՝։
Նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի, որովհետեւ կ՝աղօթէք ինծի համար, կը խնդրեմ որ շարունակէք աղօթել որովհետեւ շատ կարիքն ունիմ անոր (գրած է Նորին Սրբութիւնը, աւելցնելով) ՜՜Գիտցէք որ իմ սրտիս մէջ էք եւ ձեր տրամադրութեան տակ եմ...Կը մաղթեմ Զատկական բարի օրեր, թող Յիսուս օրհնէ ձեզ եւ Ս Կոյս Մարիամ պաշտպանէ. Եղբայրական ողջոյնիւ. Ֆրանչիսկոս՝՝ (այսպէս ստորագրած է ֆրանչիսկոս քահանայապետը իր շնորհաւորագիր-շնորհակալագիրը, ուղղուած՝ Գարիթասի կեդրոն ապաստանած անձերուն)։
Նամակը որ Գարիթասի տնօրէն գերպ. Էնրիգօ ֆէրոչէին միջոցաւ, ուղղուած է գարիթաս գտնուողներուն, մեծ ուրախութեան եւ յուզումի զգացում պատճառեց անոնց, երբ գերապայծառը կարդաց նամակը բոլորին առջեւ։
Նշենք որ գարիթասի ապաստանեալները կամ հիւրերը իրենց բարեմաղթութիւնները յայտնած էին սրբազան հօր, միշտ տնօրէն գերապայծառ ֆէրոչէի կողմէ նամակը յանձնուած էր նորին սրբութեան, որուն մէջ անոնք կ՝ապահովէին իրենց աղօթքը եւ մօտիկութիւնը Սրբազան Հօր։









All the contents on this site are copyrighted ©.