2013-04-11 13:07:21

Ռուսիոյ Եկեղեցին Իր Մտահոգութիւնը Կը Յայտնէ Լիպիոյ Քրիստոնեաներուն Կրած Խտրականութեան Ի Տես։


Լիպիա ապրող քրիստոնեաները, երբեմնի նախագահ՝ Քատաֆիի վարչաձեւի անկումէն ետք, թիրախ են խտրականութեան ու հալածանքի, յայտարարած է Ռուսիոյ եկեղեցին մատնանշելով՝ որ Լիպիոյ մէջ կ'ապրէին շուրջ 100 հազար քրիստոնեաներ, իսկ ներկայիս անոնց թիւը մի քանի հազարի վերածուած է։ Ռուս օրթոտոքս եկեղեցին խորապէս մտահոգ է, Լիպիոյ կրօնական լարուածութեան ի տես, եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ հաւատքին համար հարսահարուող քրիստոնեաներուն, յոյս յայտնելով որ Լիպիոյ ներկայ իշխանութիւնը պատշաճ կարգադրութիւններ որդեգրէ պահպանելու քրիստոնեաներու ներկայութիւնը այդ երկրին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.