ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանեան «Փրէս» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, թէ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 10ին 5.6
աստիճան ուժգնութեամբ նոր երկրաշարժ մը հարուածած է հարաւային Իրանը՝ աւելցնելով, թէ
մէկ օր առաջ Պուշեհր հիւլէական կայանէն մօտաւորապէս 60 մղոն հեռաւորութեան վրայ տեղի
ունեցած 6.3 ուժգնութեամբ երկրաշարժի զոհերուն թիւը 37ի բարձրացած է: Վիրաւորուած են
900է աւելի ուրիշներ: Պուշեհր Իրանի առաջին հիւլէակայանն է, որ կառուցուած է ռուս մասնագէտներու
կողմէ, որոնց պնդումով՝ անիկա կրնայ դիմանալ աւելի ուժգին ցնցումներու: