2013-04-11 11:08:42

Իտալիոյ Թոսքանա Մարզի Եպիսկոպոսներու Կանոնական Այցը Սուրբ Պետրոսի Յաջորդին։


8-12 ապրիլ Իտալիոյ Թոսքանա եկեղեցական մարզի 18 եպիսկոպոսները Հռոմ կը գտնուին, իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին, գլխաւորութեամբ՝ ֆիրէնցէի արքեպիսկոպոս Կարտինալ Ճուզեփփէ Պէթորէի որ Թոսքանա մարզի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահն է։
8 եւ 9 ապրիլին եպիսկոպսները հանդիպումներ ունեցան Վատիկանի զանազան Ժողովներու ներկայացուցիչներու հետ, մինչ չորեքշաբթի 10 ապրիլին առաջնորդները մասնակցեցան Սրբազան Քահանայապետի հրապարակային ունկնդրութեան, ու յետ միջօրէին` Սուրբ Պօղոսի Պազիլիքայի մէջ, համապատարագի արարողութիւնը կատարեցին։
Հինգշաբթի 11 ապրիլին եւ ուրբաթ 12 ապրիլին՝ եպիսկոպոսները հանդիպումներ կ՝ ունենան ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։
Սուրբ Պետրոսի յաջորդին կանոնական հնգամեայ այցելութիւնը կ՛աւարտի ուրբաթ 12 ապրիլին, համապատարագով մատուցուած Սուրբ Պետրոսի դամբանին վրայ։
Թոսքանայի եկեղեցական մարզը ունի 22,992 քմ քառակուսի տարածք, 3.673,457 բնակչութիւն։ Եկեղեցական մարզին մէջ կը գործեն 2449 ժողովրդապետութիւններ ու իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն 2782 քահանաներ եւ 285 մնայուն սարկաւագներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.