2013-04-11 10:41:02

Ամերիկեան Մէյն Նահանգը Ընդունեց Եւ Ճանչցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութիւնը


Միացեալ Նահանգներու հիւսիսարեւելեան Մէյն նահանգի Ներկայացուցիչներու տունը եւ Ծերակոյտը միացեալ բանաձեւ մը ընդունած են եւ ճանչցած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Աւելի՛ն, ծերակուտականները կոչ ուղղած են Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին` աջակցելու Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին եւ ժողովրդավարական անկախութեան:
Բանաձեւը, զոր ներկայացուցած է քոնկրեսական Սքոթ Համան, կը պահանջէ Օպամայէն եւ Քոնկրեսէն քայլեր ձեռնարկել, որպէսզի Արցախը ներգրաւուի միջազգային հանրութեան մէջ, իսկ ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող այս շրջանին մէջ տագնապը արդար եւ վերջնական լուծում ստանայ:
Մէյն Միացեալ Նահանգներու երրորդ նահանգն է, որ այսպիսի բանաձեւ կ՛ընդունի: Նախապէս այսպիսի նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած էին Ռոտ Այլընտ եւ Մասաչուսեց







All the contents on this site are copyrighted ©.