2013-04-10 12:49:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


''Աստուած մեր ոյժն ու յոյսն է։''
'
Չորեքշաբթի 10 ապրիլ 2013-ի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Շարունակելով հաւատքի մասին իր խորհրդածութիւնները Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ Յարութեան փրկարար շնորհքի մասին։

Ի՞նչ կը նշանակէ մեզի համար Յարութիւնը - հարց տուաւ Նորին Արբութիւնը- եւ ի՞նչու առանց անոր մեր հաւատքը ունայն է։ Մեր հաւատքը -շարունակեց Ան - կը հիմնուի Քրիստոսի մահուան ու Անոր Յարութեան վրայ, այնպէս ինչպէս բնակավայր մը կը կառուցի հաստատ հիմերու վրայ։ Եթէ ասոնք տեղի տան բոլոր տունը կը կործանի։
Խաչին վրայ Յիսուս` ինքզինք զոհեց իր վրայ առնելով մեր մեղքերը, իջնելով մահուան անդունդը, եւ Յարութեամբ յաղթեց մեղքին ու մահուան ու մեր առջեւ բացաւ նոր կեանքի մը դռները։
Յարութեամբ մենք կը դառնանք Աստուծոյ զաւակներ ու այս կարելի կ՛ըլլայ մկրտութեան խորհուրդով, Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ։ Մեծ շնորհք մը որ կ՛ընկալենք Յիսուսէն` Զատկուայ խորհուրդէն։
Այս որդիական յարաբերութիւնը ամէն օր պէտք է սնունդ առնէ Աստուծոյ Խօսքէն, աղօթքէն ու խորհուրդներու մատակարարումի մասնակցութենէն եւ բարեսիրական գործերու ընդմէջէն։
Պէտք ենք ունենալ հաւատալու քաջութիւնը ու չի համակերպիլ այն մտայնութեան որ կ՛ըսէ ''Աստուծ ոչ մի բանի կը ծառայէ. մեզի համար կարեւոր չէ''։
Աստուած մեր ույժն ու մեր յոյսն է։ Յարուցեալ Տէրը այն յոյսն է որ մեզ յուսախաբ չի թողուր. Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ գործել ու սիրել Քրիստոսի նման ու թոյլ տալ որ Ան մեր կեանքը բարեփոխէ։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր անոնց որ կը հարցադրեն մեր յոյսի պատճառներու մասին, ցոյց տանք Յարուցաել Քրիստոսը։ Խօսքին հռչակումով եւ մեր կեանքի վկայութեամբ։ Բացայայտենք ուրախութիւնը ըլլալու Աստւծոյ զաւակները եւ Քրիստոսի մէջ ապրելու ազատութեան գեղեցկութիւնը։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ գտնուող հաւատացեալներու խումբերը ու ապա յատուկէն ողջոյնի մը խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։
Սիրելի երիտասարդներ, թող Սուրբ Կոյսը ձեր մտքերը ներշնչէ, որպէսզի կարենաք ունկնդրել եւ ի գործ դնել Տիրոջ կամքը։ Սիրելի հիւանդներ, թող (Սուրբ Կոյսը) ձեր սրտերը ջեռմացնէ ձեր ցաւերը նուիրելու համար եկեղեցւոյ բարիքին, ու ձեզ սիրելի նորապսակեալներ առաջնորդէ` ճանչնալու Աստուծոյ ներկայութիւնն ու անոր սէրը ձեր ընտանեկան կեանքէն ներս։








All the contents on this site are copyrighted ©.