Հ Հ Նախագահին Երդմնակալութեան Արարողութեան, Առաջին Անգամ Գործածուեցաւ Նախագահական
Իշխանութեան Խորհրդանշանը
Երեքշաբթի, 9 Ապրիլին 2013 –ին Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան Մարզահամերգային համալիրին
մէջ տեղի ունեցած Ազգային ժողովի յատուկ նիստին ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան
երկրորդ անգամ հնգամեայ ժամկէտով ստանձնեց նախագահի պարտականութիւնները: Խորհրդարանի
յատուկ նիստին ընթացքին տեղի ունեցաւ նախագահի երդմնակալութեան արարողութիւնը եւ Սերժ
Սարգսեան իր աջը դնելով Սահմանադրութեան մայր օրինակին եւ 7-րդ դարու Վեհամօր Աւետարանին
վրայ, արտասանեց նախագահի երդման բնագիրը. «Ստանձնելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի
պաշտօնը` երդում կու տամ անվերապահօրէն կատարել սահմանադրութեան պահանջները, յարգել մարդկային
եւ քաղաքացիի իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ապահովել հանրապետութեան անկախութիւնը,
տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անվտանգութիւնը` ի փառս Հայաստանի Հանրապետութեան եւ
ի բարօրութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդի»:Նախագահի երդումէն ետք օրհնութեան
խօսք ուղղեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը: Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան
Եւրոպայի թեմի առաջնորդ արհի. հայր Րափայէլ արք. Մինասեան ներկայացուց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքի՝
Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոսը այս արարողութեան: Այնուհետեւ Սերժ Սարգսեան
շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ձայն տուած ու չտուած քաղաքացիներուն: Ան նշեց, որ գիտէ,
թէ այլ թեկնածուներուն ձայն տուածները իրենց քայլով դժգոհութիւն արտայայտած են երկրին
մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն վերաբերեալ, յստակ ուղերձ յղած են իշխանութիւններուն
եւ այդ ուղերձը տեղ հասած է: Սարգսեան մատնանշեց քանի մը առաջնահերթութիւններ, զորս
խոստացաւ կեանքի կոչել: Անոնցմէ առաջինը տնտեսական յառաջընթացն է: Ան Հայաստանի հիմնախնդիրներէն
առանձնացուց արտագաղթը, անգործութիւնը եւ աղքատութիւնը: Իբրեւ երկրորդ առաջնահերթութիւն
Սերժ Սարգսեան նշեց իրաւունքի գերակայութեան ապահովումը: Իբրեւ երրորդ առաջնահերթութիւն
Սարգսեան մատնանշեց ժողովրդավարութեան խորացումը: Ան խրատեց 5 տարի առաջուան Հայաստանը
բաղդատել այսօրուան Հայաստանի հետ եւ տեսնել տարբերութիւն: Ան յայտնեց, որ եղածով պիտի
չբաւարարուի:Նախագահը յայտարարեց, որ պէտք է ապահովել Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան
աշխուժ զարգացումը: Ան շեշտեց, որ մրցունակ եւ զարգացման տանող իւրաքանչիւր ներդրումային
ծրագիր պիտի ստանայ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն աջակցութիւնը: