2013-04-10 10:17:08

Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի Հնգամեայ Կանոնական Այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի Յաջորդին։


Առ Սեամս Առաքելոյն (Ad limina apostolorum), եպիսկոպոսներու այցելութիւնները կաթողիկէ եկեղեցւոյ իւրայատուկ կանոնական իրողութիւն մըն են որուն միջոցաւ սահմանուած է որ աշխարհի եպիսկոպոսները ամէն հինգ տարին անգամ մը Հռոմ ժամանեն ու Սրբազան Քահանայապետին հետ հանդիպում ունենան, անոր ներկայացնելու համար տեղական իրենց եկեղեցիներու իւրայատկութիւններն ու հարցերը ու վերահաստատելու Սուրբ Պետրոսի Աթոռին հետ իրենց հաղորդութեան կապը ։

2013-ի յունուար 14-ին սկիզբ առած էին Իտալիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները որոնք ընդհատեցան, անցեալ փետրուարին, Պենետիկտոս ԺԶ-ի ներկայացուցած հրաժարականի պատճառաւ եւ Նոր Քահանայապետի ընտրութեան ու անոր հետ կապուած արարողութիւններու հետեւանքով։

Անցեալ երկուշաբթի 8 ապրիլէն, վերոյիշեալ կանոնական այցելութիւնները դարձեալ սկսան եւ Իտալիոյ Թոսքանա Մարզի եպիսկոպոսները հռոմ ժամանած են, 8-12 ապրիլ, հանդիպելու Նորընտիր ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։

Յատնենք որ Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահն է, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Սրբազան Քահանայապետի նշանակութեամբ, Ճէնովա Թեմի առաջնորդը կարտինալ Անճէլօ Պանիասքօն։
Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասը ստեղծուած է 8 յունուար 1952-ին։ Ան ստորաբաժանուած է 16 եկեղեցական մարզերու որ կախում ունին ազգային եպիսկոպոսական դասէն որ իր կարգին մաս կը կազմէ եւրոպայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասին։
Եպիսկոպոսական համաւաք դասը ունի նախագահ` փոխ նախագահ ու ընդհանուր քարտուղար եւ 31 անդամներէ կազմուած խորհոուրդ մը։
Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասին մաս կը կազմեն 155 թեմեր 1 Առաքելական աթոռ մը` Հռոմը, եւ մէկ Պատրիարքական աթոռ` վենետիկ։








All the contents on this site are copyrighted ©.