2013-04-09 12:16:38

Ֆրանչիկոս Սրբազան Հայրը Ընդունեց Մակի Ընդհանուր Քարտուղարը։


Երեքշաբթի 9 ապրիլ 2013-ի առաւօտեան ժամը 11-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենաեկի մէջ ընդունեց Մակի Ընդհանուր Քարտուղար Պան Քի Մունը, անոր կողակիցը եւ իրենց ընկերացող պատուիրակութիւնը։ Հանդիպումի ընթացքին խօսուեցաւ Սուրիոյ տագնապալից վիճակի մասին ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Քորէայի վերջին անձուդարձերուն ու նաեւ Սուրբ Աթոռի եւ Մակի փոխյարաբերութիւններու մասին։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ընտրութեան առթիւ անցեալ 13 մարտին Մակի ընդհանուր քարտուղարը պատգամ մը յղած էր որուն մէջ ընդգծած էր խաղաղութեան հատատաումը որպէս ''միասնական նպատակ'', ընկերային արդարութեան ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան կից աղքատութեան եւ անոթութեան դէմ պայքարը։ Այս ամէնը մատնանշած էր պան Քի մուն ''մնայուն զարգացումի իրողութիւններ են''։
Ապրիլի սկիզբը Սուրբ Աթոռը իր գնահատանքը յայտնած էր Միացեալ Ազգերու ''Զինավաճարքի սահմանումի'' գծով որդեգրած միջազգային պայմանագիրին։
Յատնենք որ 9 ապրիլի Մակի ընդհանուր քարտուղարը հանդիպումներ կ՛ունենայ Իտալիոյ Նախագահ ճորճօ Նափոլէթանոյի հետ, վարչապետ Մարի Մոնդիի հետ ու այլ բարձարստիճան իտալական պետութեան ներկայացուցիչներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.