2013-04-09 15:22:08

Նախագահի երդմնակալութեան առաջին անգամ գործածուեցաւ նախագահական իշխանութեան խորհրդանշանը


ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի երդմնակալութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ այսօր՝ ապրիլի 9-ին, ներկայութեամբ՝ բազմաթիւ պետութիւններու ներկայացուցիչներուն, եկեղեցական ու քաղաքական անձնաւորութիւններու եւ հայորդիներու։
Այս առթիւ՝ առաջին անգամ ըլլալով գործածուեցաւ նախագահական իշխանութեան խորհրդանշանը որ հիմնուած է հայրենի Նախագահի՝ ապրիլի 5-ի հրամանագրով: Ըստ նախագահական իշխանութեան խորհրդանշանը կը գործածուի Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր Նախագահի պաշտօնի ստանձնման արարողութեան ընթացքին ապա կը պահուի Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի նստավայրը: Նախագահական իշխանութեան խորհրդանշանը ունի սկաւառակի տեսք, որը շրջափակուած է իրարու հերթագայող երկու ութանիստ բազմանկիւնաձև երիզով: Սկաւառակի կեդրոնը պատկերուած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը, որու վերի մասը կը նշմարուի ցորենի երկու հասկ , իսկ ներքոյ գրուած են «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹՅՈՒՆ» բառերը: Նախագահական իշխանութեան խորհրդանշանը կը տեղադրուի Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի գոյներու՝ եռագոյն ժապաւէնի վրայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.