2013-04-09 14:38:09

Հռոմի Յիսուսեաններու Գաղթականներու Կեդրոնը Մօտ Ապագային Պիտի Ընդունի ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Այցելութիւնը


ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մտադիր է այցելել Յիսուսեաններու գաղթականութեան կեդրոնը, յայտարարած է կեդրոնի պատասխանատու յիսուսեան հայր Ճիովաննի լա Մաննա, մատնանշելով որ ես անձամբ հրաւիրեց Սրբազան Քահանայապետը այցելելու կեդրոնը եւ ան անմիջապէս ինծի իր հաւանութիւնը տուաւ եւ ինծմէ խնդրելով ողջունել կեդրոնին մէջ գտնւող բոլոր գաղտականները։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը բացարիկ անձնաւորութիւն մըն է եւ կը խանդավառէ բոլոր անոնք յանձնառումով կը գործեն աղքատներու ու կարօտեալներուն մօտ։
Նշենք որ Հռոմի յիսուսեաններու գաղթականութեան կեդրոնը հիմնուած է 1981 թուականին։ Կ'ընդունի ամէն ազգէ ու կրօնքէ պատկան գաղթականներ։ Կեդրոնին մէջ կայ դարմանատուն մը, իտալերէն սորվելու դպրոց։ Կեդրոնը ամէն օր 400 ճաշեր կը բաշխէ։ Յիսուսեաններու գաղթականութեան կեդրոնը հիմնուած է 1980-ին Առուբէ ընդհանուր մեծաւորէն։ ներկայիս այս կեդրոնը ներկայի աշխարհի 50 երկիրներու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.