2013-04-09 12:46:54

Կեանքէն Հեռացաւ «Երկաթէ Տիկին» Մարկրիթ Թաչըրը


87 տարեկանին երէկ կեանքէն հեռացաւ Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Մարկրիթ Թաչըրը, որ ծանօթ էր «Երկաթէ տիկին» մակդիրով: Ան մահացած է սրտի կաթուածի պատճառով:
2002-էն ի վեր Թաչըր քանի մը անգամ սրտի տագնապներ անցուցած է, սակայն այս անգամ ատիկա «Երկաթէ տիկին»-ին համար մահաբեր եղած է:
Ժան տ՛Արք, Էլիզապէթ Ա., Մայր Թերեզա, Ինտիրա Կանտի. աշխարհը փոխած այս կիներու անուններուն կողքին միշտ ալ իր անունը եղած է: 1979-1990 թուականներուն Բրիտանիան իբրեւ վարչապետ կառավարած այս կինը իր խստաբարոյ եւ կարծր կեցուածքին համար ստացած է «Երկաթէ տիկին» մակդիրը: Ան յաջողեցաւ կերտել միջազգային քաղաքականութեան իր դարաշրջանը եւ յաւերժանալ իբրեւ 20-րդ դարու մեծագոյն ղեկավարներէն մէկը:








All the contents on this site are copyrighted ©.