2013-04-09 14:44:19

Ըստ Սէուլի. Հիւսիսային Քորէայի Կողմէ Հիւլէական Փորձը «Մօտալուտ Չէ»


Հարաւային քորէացի պաշտօնատարներ երէկ յայտնեցին, որ որեւէ ցուցանիշ չկայ, թէ Հիւսիսային Քորէա մօտալուտ կերպով հիւլէական ռումբի փորձարկում պիտի կատարէ:
Հարաւային Քորէայի պաշտպանութեան նախարարութենէն բանբեր մը յայտնեց, որ թէեւ «Փունկյի-րի» կեդրոնին մէջ շարժումներ կան, սակայն անոնք սովորական կը թուին: Հարաւային Քորէայի վերամիաւորման նախարար Ռիու Քիհլ-Ճէ նախապէս յայտնած էր, որ ցուցանիշներ կան, որ փորձարկում մը կը պատրաստուի:
Մինչ այդ, Հիւսիսային Քորէա յայտարարեց, որ միացեալ Քեսոնկ ճարտարարուեստական համալիրէն իր աշխատաւորները կը հեռացնէ:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտնեց, որ այդպիսի հիւլէական փորձ մը «գրգռիչ արարք» մը պիտի ըլլայ եւ զգուշացուց, որ Հիւսիսային Քորէա չի կրնար «Ապահովութեան խորհուրդի իշխանութեան մարտահրաւէր ուղղել եւ դիմակայել, ինչպէս նաեւ ուղղակի կերպով մարտահրաւէր կարդալ ամբողջ միջազգային ընտանիքին»:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ իբրեւ Հիւսիսային Քորէայի դրացի երկիր, Ռուսիա մտահոգ է լարուածութեան մագլցումէն` աւելցնելով, որ կողմերը պէտք է «հանդարտին… եւ սկսին տարիներու ընթացքին իրարու վրայ բարդուած խնդիրները բանակցութեան սեղանին վրայ լուծել»:








All the contents on this site are copyrighted ©.