2013-04-08 14:57:08

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը Կ՜ընդունի Գերմանիոյ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Նախագահը


Երկուշաբթի 8 մարտ 2013-ի առաւօտեան ժամը 11-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հերթաբար ընդունեց` Կղերի Ժողովի Կառավարիչը Կարտինալ Մաուրօ Բիաչէնցան ապա գերապայծառ Շարլ Տանիէլ Պալվօն Գենիայաի առաքեալական նուիրակ եւ Արժէնթինայի Լա Բլադա թեմի արքեպիսկոպոսը գերապայածռ Հէգթոր Րուպէն Ակուէր։ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա կէսօրին ունկնդրութիւն շնորհեց Տօքդ Նիքոլաուս Շնէյտէրի, գերմանիոյ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Նախագահին, անոր կողակիցին ու անոնց ընկերացող 8 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութեան։

Հանդիպման ընթացքին Տօքդ Շնէյտէրը նախ շնորհաւորած է Նորին Սրբութեան ընտրութիւնը ու ապա անդրադարձած է Արժէնթինայի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ողբերգութեան։ Խօսակցութեան նիւթ եղած է նաեւ ''համամիութեան'' կարեւորութիւնը ու յատկապէս մարտիրոսներու ''համամիութիւնը''։ անոնց արիւնը Քրիստոնեայ եկեղեցիները իրարու կը միացնէ Քրիստոսի վակայութեան մէջ։ Տօքդ Շնէյտէրը հուսկ վերյիշեց յառաջիկայ 2017-ին նշուելիք լուտերական վերանորոգման յոբելեանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.