2013-04-08 14:43:10

Քահանայապետին Կիրակնօրեայ Գործունէութիւնը եւ Անոր Անդրադարձը Մամուլին մէջ։


Կիրակի օրուայ Քահանայապետի կէսօրուայ ''Ուրախ լեր Թագուհի'' մարեմեան աղօթքը լայն անդրադարձ ունեցաւ միջազգային մամուլին մէջ, ուր մասնաւորապէս կ'ընդգծուի շուրջ 100 հազար հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու մասնակցութիւնը աղօթքին։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր խօսքին մէջ ընդգծեց կարեւորութիւնը ըլլալու եւ ապրելու քրիստոնեական հաւատքը առանց վախի։ Միջազգային մամուլը նոյնպէս լայն տեղ տուած է յետմիջօրուայ գահակալութեան ծիսակատարութեան ս. Յովհաննէս մայր տաճարին մէջ։
Մամուլը մասնաւորապէս մատնանշած է երկու դէպքեր. Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի անուանատախտակի քօղազերծումը Առաջնորդարաին դիմաց գտնուող հրապարակի վրայ եւ աւելի քան 80 հազար հաւատացեալներու խանդակաթ ու տօնական հաւաքը։ Նոյնպէս մամուլը նկարագրած է հաւատացեալներու խանդավառութիւնը երբ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը տաճարի ճակատի պատշգամէն ողջունեց զանոնք։ Երեւոյթ մը որ 35 տարիէ տեղի չեր ունեցած։ Մամուլը դարձեալ ընդգծած է Սրբազան Հօր խնդրանքը աղօթելու իրեն համար։
Գահակալութեան պատարագին, իր արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը խօսեցաւ Հօր Աստուծոյ համբերութեան մասին։ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց թէ մարդ արարածը պէտք է քաջութիւնը ունենայ վերադառնալու միշտ Աստուծոյ, որ ողորմած ու համբերատար է։ Արբազան Հայրը իր քարոզին աւարտին հրաւիրեց հաւատացեալները թոյլ տալ Աստուծոյ որ իր ողորմութեամբ մեզ պարուրէ, ու քաջութիւնը ունենանք վերադառնալու անոր տունը, թոյլ տանք որ սիրէ մեզ ու անոր ողորմութեանը հանդիպիլ Խորհուրդներուն մէջ։ Ու պիտի զգանք անոր քնքուշութիւնը, անոր ոջղագուրումը ու մենք եւս պիտի կարողանանք ըլլալ ողորմած, համբերող, ներող ու սիրողներ.

Կարգ մը լրագրողներ շեշտեցին որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կամքն է ներկայացնել Աստուծոյ Եկեղեցին որպէս մարդու բարեկամը, գթարատ եւ ոչ-բարոյեականացուցիչ, գիտակից մարդու տկարութեան եւ հետեւաբար կանչուած է առաջնորդել մեղաւոր մարդը դէպի Աստուծոյ սիրտը։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը ներկայանայ հաւատացեալներուն աւելի որպէս հովիւ քան աստուածաբան։

Նշենք որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կիրակի յետմիջօրէին Հռոմի թեմի գահին վրայ բարձրացաւ հաւատացեալներու խանդավառ ծափողջոյներով։ Ծիսակատարութենէն առաջ քօղազերծեց եւ օրհնեց Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի անուանատախտակը, որ կը մատնանշէ Առաջնորդարանի հրապարակին նոր անունը, ներկայութեամբ կարտինալ Վալլինիի եւ Հռոմի քաղաքապետ Ճիաննի Ալեմաննոյի ու քաղաքապետարանի այլ անձնաւորութիւններու։

Գահակալութեան արարողութիւնը սկսաւ պատարագէն առաջ։ Հռոմի թեմի Տեղապահը` կարտինալ Օգոստինոս Վալլինի իր արտասանած հակիրճ ուղերձին մէջ ըսաւ որ ս. Յովհաննէս Լատերան պազելիքան այն ժայռն է, որու վրայ Յիսուս հիմնեց իր Եկեղեցին։ Անիկա կը հաստատէ հաւատացեալները հաւատքի ճշմարտութեան մէջ եւ կը գլխաւորէ բոլոր եկեղեցիները եղբայրօգնութեան մէջ։
Նորին Սրբութիւնը Ապա նստաւ գահին վրայ, ձեռքը գաւազանը, 15 հոգեւորականներ ու աշխարհականներ անոր մօտեցան իրենց հպատակութիւնը յայտնելու Հռոմի եպիսկոպոսին։
Ս. Գրային ընթերցումներէն ետք Սրբազան Հայրը, իր արտասանած քարոզին մէջ, հրաւիրեց քրիստոնեաները բնաւ իրենց վստահութիւնը չկորսնցնելու Աստուծոյ համբերատար գթասրտութեան վրայ եւ քաջութիւնը ունենալու տուն վերադրառնալու` դարձի գալու եւ ապաշխարհելու։ ''Հայր Աստուած համբերատար է, մեզի պէս անհամբեր չէ, Մեզ կը սիրէ։ Աստուծոյ համար մենք լոկ թիւ մը չենք, Անոր աչքին շատ կարեւոր ենք'' ըսաւ Ան։








All the contents on this site are copyrighted ©.