2013-04-08 14:45:59

Պշարա Ռայի Պատրիարքի Մատուցած Սուրբ Պատարագին՝ Զօր. Աուն-ի Մասնակցութիւնը։


Մարոնի համայնքի Սռաջնորդ Պշարա Ռայի Պատրիարքը երէկ նախագահեց կիրակի օրուան Սուրբ Պպատարագին, որուն ներկայ գտնուեցաւ ՝՝Փոփոխութիւն եւ Բարեկարգում՝՝ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:
Պատարագին ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի Պատրիարքը յոյս յայտնեց, որ վարչապետի նշանակման առիթով տեղի ունեցած երեսփոխանական հեզասահ խորհրդակցութիւններուն նման դիւրաւ կարելի ըլլայ արդար եւ հաւասարութիւնը յարգող ընտրական օրէնք մը վաւերացնել:
Միւս կողմէ, Պքերքէի Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ Ռայի Պատրիարքը դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ զօր. Աունի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Զօր. Աուն մաղթեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կամայականութենէ հեռու տեղի կ՛ունենայ` յոյս յայտնելով միաժամանակ որ կարելի ըլլայ ՝՝ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմել՝՝:
Նշենք, որ Ռայի Պատրիարքը այսօր հովուապետական այցելութեամբ մը կը մեկնի Ֆրանսա, ուր երեկոյեան հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հետ: Կը նախատեսուի, որ Ռայի պատրիարքը երեքշաբթի կէսօրէ ետք Էլիզէի Պալատին մէջ հանդիպում մը ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:
Ռայի Պատրիարքը Ֆրանսայի մէջ նախկին փոխ-վարչապետ Իսամ Ֆարեսը պիտի պարգեւատրէ շքանշանով մը, ապա ուրբաթ օր պիտի մեկնի Արժանթին:








All the contents on this site are copyrighted ©.