2013-04-08 12:48:44

Մինչ Ուաշինկթըն Միջցամաքային Հրթիռի Մը Փորձարկումը Կը Յետաձգէ. Հիւսիսային Քորէա Պատրաստ՝ Հրթիռներ արձակելու։ Հիսիսային Գորէա Միջազգային Հսկողութեան Տակ։


Հարաւային Քորէայի կառավարութիւնը, մէջբերելով Փիոնկեանկի աշխատաւորներուն մինչեւ 10 ապրիլ Քեսոնկ անուան ճարտարարուեստական համալիրէն հեռանալու կոչը, երէկ յայտնեց, որ կը հաւատայ, թէ Հիւսիսային Քորէա այդ թուականին մօտ, օր մը, կրնայ հրթիռ մը փորձարկել:
Սէուլի նախագահական պալատին` Կապոյտ Տան բանբեր Քիմ Հենկ ըսած է որ Սէուլ «զինուորական պատրաստ վիճակի մէջ է»:
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճաք Հէյկըլ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն սխալ հասկացողութեան առիթ չտալու համար միջցամաքային հրթիռի մը նախապէս երեքշաբթի օրուան համար ծրագրուած փորձարկումը՝ յետաձգած է:
Հիւսիսային Քորէայի կողմէ հրթիռներու շարժումներու մասին նոր տեղեկութիւնները, Հարաւային Քորէան եւ Միացեալ Նահանգները մղած են կարգ մը քայլերու դիմելու: Հարաւային Քորէայի «Եոնհափ» անուան կիսապաշտօնական լրատու գործակալութիւնը Սէուլի մէջ զինուորական աղբիւրներ մէջբերելով հաղորդեց որ ՝՝հրթիռներ պատրաստ են արձակուելու՝՝:








All the contents on this site are copyrighted ©.