2013-04-08 16:12:41

Մասնակցութիւն՝ Միջին Արեւելեան երկիրներու 100-ամեակի Մարմիններու Ներկայացուցիչներու Համագումարին


Շաբաթ, 6 ապրիլ 2013-ին, Անթիլիասի վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելեան երկիրներու 100-ամեակի Մարմիններու Ներկայացուցիչներու համագումարը, հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմնին։ Այս առիթով խօսք առաւ Արամ Ա. վեհափառը, ապա բացման խօսքը փոխանցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմնի ատենապետ՝ Տիկին Սեդա Խտըշեան։ Համագումարին իրենց միջամտութիւնները ունեցան նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Կեդրոնական Յանձնաժողովի քարտուղար եւ Հայաստանի Պետական Թանգարանի տնօրէն՝ Պրն. Հայկ Դեմոյեան եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Պրն. Աշոտ Քոչարեան։

Յիշենք, որ գերյ. հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեան ներկայացուց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը այս համագումարին։ Իսկ հայ կաթողիկէ պատրիարքական 100 ամեակի յանձնախումբէն մասնակցեցան հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, Պրն. Րաֆայէլ Ումուտեան, Պրն. Սարգիս Նաճարեան եւ Տիկ. Զուարթ Նաճարեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.