2013-04-08 10:26:23

Գահակալութիւն Արհիապատիւ Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեանի 07 Ապրիլ 2013, Փարիզ


Գահակալութիւն Արհիապատիւ Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեան 07 Ապրիլ 2013, Փարիզ

Իւրայատուկ օր մըն էր ֆրանսահայ հայ համայնքի եւ Զմմառու Արծիւեան Պատրիարքութեան համար: Ֆրանսահայութեան համար ուրախալի առիթ էր, որովհետեւ Բենետիկդոս ԺԶ. Քահանայապետի կողմէ նշանակուած ֆրանսահայոց կաթողիկէ Թեմին համար նորընտիր Եպիսկոպոսին գահակալութեան օրն էր. իսկ Զմմառու Միաբանութիւնը ուրախ էր անգամ մը եւս իր Ազգին ծառայութեան նուիրելու իր միաբանակիցներէն եւ սիւներէն մին Արհիապատիւ Տէր Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեանը: Փարիզի Ս. Խաչ Մայր Եկեղեցին եպիսկոպոսական գահակալութեան, ապա նորընտիր Առաջնորդին մատուցած պատարագին առիթով հոծ բազմութեամբ լեցուն էր արդէն արարողութեան սկսելէն ժամ մը առաջ:

Գահակալութիւնը կատարուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքի՝ Հոգեշնորհ Տէր Ներսէս Հայրապետի հովանաւորութեամբ, զոր կը ներկայացուէր Արհիապատիւ Տէր Մանուէլ Արքեպիսկոպոս Պաթաքեանով, Վսեմաշուք Ծիրանաւոր՝ Անտրէ Վէն-թրուա Արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ, ներկայութեամբ պապական Նուիրակին՝ Արհիապատիւ Տէր Լուիճի Վենթրուայ Արքեպիսկոպոսին եւ հրաժարեալ Առաջնորդի՝ Արհիապատիւ Տէր Գրիգոր Ղապրոյեան Արքեպիսկոպոսին:

Թափօրով եկեղեցական դասը, որու մաս կը կազմէին աշխարհի զանազան անկիւններէ եկած հայ կղերը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի քոյր Եկեղեցիներու կղերը, առաջնորդուեցաւ խորան:

Հովուական Գաւազանի տուչութիւնէն առաջ ողջոյնի խօսք առաւ Արհիապատիւ Տէր Գրիգոր Արքեպիսկոպոս Ղապրոյեանը. ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, հակիրճ ներկայացուց Հայ Կաթողիկէ Համայնքը եւ շնորհաւորհեց նորընտիր Առաջնորդին անուանումը ֆրանսահայ Թեմին: Արհիապատիւ Լուիճի Արքեպիսկոպոս Վէնթրուա կարդաց Քահանայապետական կոնդակը, ուր նշուած էր հրաժարեալ Քահանայպետի՝ Պենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Պապի եղբայրական ողջոյնները, քաջալերանքը եւ ուրախութիւնը նորանշանակ Առաջնորդին: Գերյարգելի Գափրիէլ Թ. Ծ. Վարդապետ կարդաց Հոգեշնորհ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս Պատրիարքի նամակը, ուր ան ողջունելէ ետք նորընտիր Եպիսկոպոսը, թրուատեց անոր քահանական առաքելութիւնները ամէնուրեք եւ մաղթեց նորանոր նուաճումներ հոգեմտաւոր եւ մշակութային գետնի վրայ:

Ապա կատարուեցաւ ձեռամբ Արհիապատիւ Տէր Մանուէլ Արքեպիսկոպոս Պաթաքեանի եպիսկոպոսական Գաւազանի տուչութիւնը, որու յաջորդեց ներկաներուն ջերմ ծափահարութիւնը:

Այս ուրախ վկայութեան յաջորդեց Վսեմաշուք Ծիրանաւոր՝ Անտրէ Վէն-Թրուա Արքեպիսկոպոսի եղբայրական եւ ջերմիկ խօսքը, ուր ան նշեց Հայ Կաթողիկէ Համայնքի գործունէութիւնը Ֆրանսայի մէջ, շնորհակալութիւն յայտնեց Արհիապատիւ Տէր Գրիգոր Արքեպիսկոպոս Ղապրոյեանի եւ բարիգալուստ ու յարատեւ գործունէութիւն մաղթեց նորընտիր Առաջնորդին:

Պատարագը սկսաւ հրաշափառով. առընթերական պատարագակիցներն էին Արհիապատիւ Տէր Գրիգոր Ղապրոյեան եւ Տէր Գրիգոր Գուսան եպիսկոպոսները:

Պատարագին պատուոյ հիւրերն էին նախկին մեծայարգ նախարար Տէր եւ Տիկին Փաթրիք Տեվէճեան, մեծայարգ Պարոն դեսպան Տէր եւ Տիկին Չիթեչեան, արտագին նախարարութեան ներկայացուցիչ Տէր եւ Տիկին Րոլանտ Տիւպերդրանտ, Ուքրանական Եկեղեցւոյ Առաջնորդը՝ Տէր Պորիս Կուծիաք Եպիսկոպոսը եւ Մարոնի Եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Տէր Նասր Ժեմայէլ Եպիսկոպոսը, Արեւելեան Եկեղեցիներու փոխ ներկայացուցիչ Արհիապատիւ Տէր Գլոտ Պրեսօլէն եւ OEuvre d’Orient-ի ատենապետը՝ Արհիապատիւ Տէր Փասկալ Կոլնիշ Եպիսկոպոսը, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով Ֆրանսայի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հոգեւոր ներկայացուցիչներ: Կորնթացիներու ընթերցուածը կարդաց ֆրանսերէնով Ֆրանսայի Աւետարանական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը. իսկ աւետարանի ընթերցումը երգեց Հոգեշնորհ Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեան եւ աւետարանի ֆրանսերէն ընթերցումը կարդաց Արհիապատիւ Տոմինիք Լօպրէն Եպիսկոպոսը:

Արարողութենէն ետք նորընտիր եպիսկոպոսը ժողովուրդին շնորհաւորութիւնները ընդունեցաւ: Ապա ինչպէս նախատեսուած էր հաւատացեալները ուղուեցան Maison de la Chimie, ուր նորընտիր եպիսկոպոսին ի պատիւ մատուցուեցաւ ճաշ:

Կրկին հոծ բազմութիւն մը մօտ երեք հարիւր հոգի ներկայ էին սեղանատան մէջ: Բացման Խօսքը առաւ Գերապատիւ Գէորգ Ծ. Վարդապետ Ասատուրեան. ան իբրեւ միաբանակից զմմարցի, իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Գերապայծառին գործունէութեան մասին, որ ունեցած է Պուրճ համմուտի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւ ան պատերազմի բուռն օրերուն. իբրեւ օրինակելի վարդապետ, ապա եպիսկոպոս ան եղաւ միշտ յուսատու եւ անշահախնդիր ծառայող ժողովուրդին: Ապա խօսք առաւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ փոխ ատենապետ՝ Պր. Ստեփան Ստեփանեան, որ անդրադարձաւ Գերապատիւ Գրիգոր Եպիսկոպոս Ղապրոյեանի հոգեմտաւոր գործունէութեան մասին եւ
բարի գալուստ մաղթեց նորեկ Առաջնորդին: Ապա խօսք առաւ նախկին նախարար եւ հայ կաթողիկէ համայնքի զաւակ Պարոն Փաթրիք Տեվէճեան. ան գնահատեց Եկեղեցիներու սերտ յարաբերութիւնը եւ անդրադարձաւ արեւելքէն արեւմուտք գաղթող եւ հաստատուող քրիստոնեայ տարրին վրայ: Խօսք առաւ նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ատենապետը, որ թրուատեց հայ քոյր Եկեղեցիներու գործունէութիւնը: Խօսք առաւ AllianceArménienne-ի ատեպապետ, Պարոն Վահէ Կապրաշ, որ անդադարձաւ Արհիապատիւ Գրիգոր Արքեպիսկոպոս Ղապրոյանի ազգօգուտ գործունէութեան մասին, մասնաւորաբար Հայաստանի աղետեալ գոտիի ժողովուրդին համար:

Ապա խօսք առին Արհիապատիւ Փասքալ Կոլնիշ եւ Գլոտ Պրեսոլէթ Եպիսկոպոսները, որոնք անդրադարձան թէ ինչպէս շնորհիւ Արհիապատիւ Գրիգոր Արքեպիսկոպոսին մօտէն ծանօթացած են Հայ Կաթողիկէ համայնքին եւ հայրենիքի մէջ գտնուող հայութեան:

Ի վերջոյ խօսք առաւ Արհիապատիւ Գրիգոր Արքեպիսկոպոս Ղապրոյեանը. ան պատմեց իր երեսուն վեց տարուայ առաքելութեան մասին. իր կատարած համեստ գործունէութիւնը Աստուծոյ ողորմութեան եւ առատաձեռնութեան առթիւնք նկատեց եւ բեղուն գործունէութիւն մաղթեց նորեկ Առաջնորդին: Ապա վերջին խօսքը վերապահուած էր Արհիապատիւ Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեանին. ան փառք տուաւ Աստուծոյ իրեն հանդէպ ցուցաբերած ողորմածութեան համար. ան ինքզինք յանձնած էր իր առաքելութեան սկիզբէն ի վեր Զմմառու Տիրամօր, որ իր կարգին մայրական գուրգուրանքով պահպանած եւ ուղղած է զինք հարթելով իւրաքանչիւր խոչընդոտ զոր հանդիսացած է իր գործունէութեան ընթացքին:

Նորընտիր Եպիսկոպոս Առաջնորդին քաջառողջութիւն եւ բեղուն գործունէութիւն կը մաղթենք տիրոջ այգիին մէջ: Ձեր վարձքը կատար բոլորիս կողմէ սիրելի եպիսկոպոս:








All the contents on this site are copyrighted ©.