2013-04-06 12:48:34

Սուրիոյ Պատերազմը։ Հալէպի Մէջ Կացութիւնը Ողբերգական։


Անձնական նամակէ մը մեր ստացած տեղեկութիւններուն համաձայն ( կը գրէ Պոլսոյ Մարմարա Օրաթերթը) վերջին հինգ օրերուն բովանդակ Հալէպի մէջ ելեկտրականութիւնը խզուած է եւ քաղաքը թաղուած մթութեան մէջ ։ Ճիշդ այս պատճառաւ (անկախ միւս բոլոր զրկանքներէն) սառնադարաններուն մէջ պահ դրուած սառեցուած բոլոր պաշարներն ու ձմեռնային պահածոները նեխած ու աղբաման թափուած են։ Եթէ կացութիւնը աւելի վատթարանայ ու տունը բանտարկուին,Հալէպցիք պահեստի ուտելիք ոչինչ պիտի ունենան այլեւս։ Միւս կողմէ օրուան հազիւ քանի մը ժամերուն է որ ջուրը կը հոսի ծորակներէն։ տանտիկինները լուացք ընել չեն յաջողիր,իսկ լոգանք առնելը պերճասիրութիւն դարծաձ է։

Վերջին մէջ շաբթուայ ընթացքին խափանուած են նաեւ հեռաձայնները(պարզ ու բջիջային) եւ համացանցը։
Իսկ մէկ շաբաթէ ի վեր քաղաքին վրայ ռմբակոծումները առաւել սաստկացած են։ Քաղաքին բնակչութեան կէսէն աւելին անտուն մնացած է։ Անոնք պատսպարուած են դպրոցներու մէջ կամ ազգականներու մօտ։ Սուրիոյ 70 առ հարիւրը ընդդիմութեան ձեռքը անցած է։ Հայաբնակ թաղերը կը գտնուին մնացեալ 30 առ հարիւրի սահմաններէն ներս։








All the contents on this site are copyrighted ©.