2013-04-06 12:33:27

Սալաֆիսդ Մահմետականներու Կրօնապետ Եասիր ալ Ալթլաունի Կ'արտօնէ Ոչ-սիւննի` Ալաոյթ, Տիւրզի եւ Քրիստոնեայ Կիներու Բռնաբարումը։


Սալաֆիսդ մահմետականներու կրօնապետ Եասիր ալ Աժալաունի մէկ ֆաթուայով`հրամանագիր, կ'արtօնէ իր ընդդիմադիրները բռնաբանելու ոչ-սիւննի կիները։ Կրօնապետը որ ազգով յորդանանցի է եւ 17 տարի Տամասկոս ապրած, կ'արտօնէ եւ կ'արդարացնէ այս ոճրագործութիւնը յանուն մահմետականութեան, բոլոր այն ընդդիմադիրներուն, որոնք կը պայքարին տապալելու նախագահ Ասատի վարչութիւնը։ Ըմդդիմադիրները Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ թաղամասը գրաւելով կարող են յեղաշրջել քաղաքին կացութիւնը, քանի այդ շրջանը ռազմավարական կարեւոր դիրք մը ունի գրաւելու քաղաքին կեդրոնը։ Շէյխ Մաքսուտ թաղամասին մէջ կ'ապրէին հայ եւ յոյն քրիստոնեաներ, խառնակութիւններէն ի վեր աւելի քան 300 քրիստոնեայ ընտանիքներ հեռացած են։ Ներկայիս թաղմասին մեծամասնութիւնը քիւրտեր են։ Յայտնենք որ ներկայիս Սուրիոյ մէջ կը գտնուին տասնեակ հարիւրաւոր համակիրներ եկած Եւրոիպայի 14 երկիրներէն պայքարելու ընդդիմադիրներու կողքին Պաշար ալ Ասատի վարչաձեւին դէմ։ Հալէպի ընդդիմադիրները 29 մարտին գլխատած են իսլամ կրօնապետ մը, ու անոր մարմինը քաշած փողոցներու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.