2013-04-06 12:36:38

Զատկին Յաջորդող Կիրակին՝ Նոր Կիրակի Է,


Կը կոչուի նաեւ կրկնազատիկ, Խորհուրդ Վերանորոգութեան։
Արեւելեան Եկեղեցիները Զատկին յաջորդող Կիրակիին կու տան ՆՈՐ մակդիրը, այն բացայայտ պատճառով, որ Զատիկը ըլլալով գերազանց Կիրակին, անոր յաջորդողը կ’ըլլայ սկիզբը տարւոյն բոլոր Կիրակիներուն: Հայ Եկեղեցին, սակայն, ունի ուրիշ անուանակոչում մը այս Կիրակիին համար – ԿՐԿՆԱԶԱՏԻԿ – ինչ որ կը նշանակէ թէ այս Կիրակիին կը կրկնուին Զատկական ուրախութիւնները, ինչպէս նաեւ Զատկին տիրող հոգեւոր ու ընկերային մթնոլորտը:
Ըստ այս Կիրակիի շարականներու մեկնաբանութեան Նոր Կիրակին իր մէջ կը բովանդակէ մարդկային կեանքի վերանորոգութեան խորհուրդը: Բնութեան գեղեցկագոյն երեւոյթներէն է վերանորոգութիւնը: Ծառերն ու ծաղիկները անձրեւով ու արեւով յագենալէ յետոյ կ’արթննան, կը վերակենդանան: Արտաքին ազդակներ անհրաժեշտ են նաեւ մեր ներքին կեանքի վերանորոգութեան համար: Մեր գաղափարները, մեր համոզումները, մեր սէրը, մեր հաւատքը եւ այն ամէնը, որոնք չեն երեւիր եւ որոնք սակայն կը կազմեն մեր ներքին կեանքը, ներքին մարդը, կը կարօտին նոր ներարկումի, նոր աւիշի, նոր արեւի եւ անձրեւի:
Յիսուս է մարդկային բանական կեանքի գերագոյն վերանորոգիչը: Ան վերանորոգեց Հին Ուխտը, որ մաշած էր այլեւս եւ իր նպատակին չէր ծառայեր, այլ` Աստուծոյ նոր նպատակին անբաւարար էր: Յիսուս պէտք տեսաւ ՆՈՐ ՈՒԽՏ մը հաստատել նոր քարոզութեամբ եւ զայն կնքեց իր արիւնով: Նորոգեց հին պատուիրանները. նոր «գինին» նոր «տիկերու» մէջ լեցուց: Ամէն մարդ որ կը լսէր իր քարոզութիւնը կամ ականատես կ’ըլլար իր հզօր գործերուն զարմացած կամ զայրացած կ’ըսէր. «Այս ի՜նչ նոր ուսուցում է» (Մարկ.1.27):
Յիսուս «նոր պատուիրան» տուաւ համայն մարդկութեան – սիրոյ պատուիրանը:
Առաքեալները, որոնք հոգեւին նորոգուած էին Քրիստոսի քարոզութեամբ,
յարութեամբ ու մանաւանդ Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ, նոյն վերանորոգութիւնը կը թելադրեն բոլորին:
Յայտնութեան Գրքի Տեսանողը կ’ըսէ. «Ապա տեսայ նոր երկինք եւ նոր երկիր մը, որովհետեւ նախկին երկինքն ու նախկին երկիրը անյայտացան… Ան որ գահին վրայ նստած էր, ըսաւ. ահաւասիկ ամէն ինչ նոր կը դարձնեմ» (Յայտ. 21. 1,5): Նոր Կիրակին յատկացուած է Քրիստոնէական հիմնական այս գաղափարին. եւ օրուան շարականը, որ Ներսէս Լամբրոնացիի քերթողական բարձր ոճով գրչին արգասիքն է, կը յայտարարէ մարդկային ազգի նորոգութիւնը մեղքի եւ մահուան հնութենէ եւ կը հռչակէ այս Կիրակին իբրեւ Նաւակատիքը, այսինքն սկիզբը մեր փրկութեան:
Երանի անոնց, որոնց մէջ չէ մեռած եռանդը, հաւատքը եւ տրամադրութիւնը
վերանորոգուելու: Անոնք պիտի նմանին հզօր արծիւին, որ ամէն տարի կը փոխէ իր փետուրները եւ խորհրդանշանը կը հանդիսանայ երկարակեցութեան եւ անսպառ ոյժի: Անոնք պիտի նմանին խնձորենիին որ ամէն տարի նոր ծաղիկներով եւ նոր տերեւներով կը պատմուճանուի, եւ ամէն տարի նոր պտուղներով կը բեռնաւորուի:









All the contents on this site are copyrighted ©.