2013-04-06 12:32:59

2013՝ Հայ Մօր Տարի


Հռչակուած Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ։
Հայ մօր առաքելութիւնը...
Այսօր երբ դիտենք մեր ժողովուրդին կեանքը, հարց կու տանք. արդեօք հայ մայրը այսօր իր հայ մօր առաքելութեա՜ն մէ՞ջ է. որքանո՞վ հաւատարիմ է հայ մայրը իր նուիրական կոչումին...:
Երբեմն հաճոյապաշտ կեանքին գերին է ան:
Երբեմն ընտանեկան սրբութեանց խաթարիչը:
Երբեմն օտարամուտ բարքերու տարածիչը:
Երբեմն հեռո՜ւ է ան հայ կեանքի ոգեշնչող ու հայացնող ներկայութենէն...:
Բայց ո՜չ:
Հայադրոշմ արժանապատուութեան զօրեղ պաշտպան, հայկական սրբութեանց եւ աւանդութեանց արթուն պահապան, ազգային հաւաքական խոյանքներու ռահվիրայ հայ մայրը այդպէս չի՜ կրնար ըլլալ, պէտք չէ՜ ըլլայ:
Մենք հաւատք ներշնչող, կամք կռանող, յոյս ներարկող, սէր փոխանցող, այլ խօսքով՝ հայուն մէջ քրիստոնեայ ու հայ մարդը կերտող ու այդ ճամբուն վրայ իր անձը ընծայաբերող հայ մօր յոյժ կարիքը ունինք:
Գիտե՜նք, դիւրին չէ մայր ըլլալը. դիւրին չէ մա՜նաւանդ հայ մայր ըլլալը:
Չմոռնանք երբեք, որ հայ մայրը եկեղեցի՜ դարձաւ, հոն ուր եկեղեցի չունեցանք. դպրո՜ց դարձաւ, հոն ուր դպրոց չունեցանք. հայրենի՜ք դարձաւ, երբ հայրենիք չունեցանք:
Նո՜յնը կոչուած է ըլլալ հայ մայրը այսօր ու միշտ: Ա՜յս է հայ մօր հարազատ կոչումը: Բի՜ւր յարգանք հայ մայրերուն, կ՝ըսէ Արամ Ա Կաթողիկոսը:








All the contents on this site are copyrighted ©.