2013-04-05 10:16:39

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներու ընթացքին։
Նորին Սրբութիւնը յառաջիկայ 7 ապրիլին, Սուրբ Զատկուայ Բ կիրակին, ( ժամը 17.30-ին) պաշտօնական արարողութեամբ կը ստանձնէ Հռոմի Եպիսկոպոսի իր պաշտօնը, Հռոմի Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէս Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։
14 ապրիլին, Սուրբ Զատկուայ Երրորդ կիրակին, Նորին Սրբութիւնը, միշտ յետմիջօրէին ( ժամը 17,30-ին) պատարագ կը մատուցէ Հռոմի Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքայի մէջ, մինչ 21 ապրիլին` Վատիկանի Սուրբ Պետրոս մայր տաճարին մէջ, առաւօտեան ժամը 9-ին կը նախագահէ թեմական նոր քահանաներու ձեռնադրութեան արարողութիւնը։
28 ապրիլին Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ մատուցած պատարագի ընթացքին, առաւօտեան ժամը 10-ին, Հաւատոյ Տարուայ առթիւ նախատեսուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երիտասարդներուն պիտի մատակարարէ Դրոշմի սուրբ խորհուրդը։Ապա միշտ Հաւատոյ Տարուայ նախաձեռնութիւններու ծիրէն ներս Սրբազան Հայրը 5 մայիսի առաւօտեան ժամը 10-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, ''եղբայրակցութիւններու ուխտագնացութեան եւ ժողովրդային երկիւղածութեան'' սուրբ պատարագը կը մատուցէ, մինչ սոյն արարողութեան նախօրեակին` Սրբազան Հայրը Սանդա Մարիա Մաճճօրէ պազիլիքայի մէջ, երեկոյեան ժամը 6-ին կը նախագահէ Մարեմեան ամսուայ ջերմեռանդական սուրբ վարդարանի աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.