2013-04-05 10:15:06

Յոյն կաթողիկէ Պատրիարքին Կոչը ֆրանչիսկոս Քահանայապետին. ''Սիմոն Կիւրենացիի նման օգնութեան հասիր Սուրիոյ։''


Յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ Պատրիարք` Կրէկորիոս Գ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին նամակ մը յղած է որուն մէջ կը գրէ`''Ձեզի այս նամակը կ' ուղղեմ Դամասկոսէն, ուր կ'ապրինք արիւնալի ու ցաւալի ճանապարհ խաչը, որ երկար ժամանակէ կը տեւէ ու կը տարածուի Սուրիոյ բոլոր ճանապարհներուն վրայ։ Սուրիացի բոլոր հաւատացեալներն ու քաղաքացիները, Վատիկանէն ու կաթողիկէ եկեղեցիէն նախաձեռնութիւն մը կը սպասեն։ Դուք եղէք Սիմոն Կիւրենացիի նման, որ օգնութեան հասաւ Յիսուսին, խաչի ճանապարհի ընթացքին։ Ձեզմէ կը խնդրենք որ օգնէք սուրիացիներուն ձեռբազատելու բռնութենէն, արեւանգումներէն, փրկանքէն, քաոսէն ու մահէն։''








All the contents on this site are copyrighted ©.