2013-04-05 13:46:11

Մանկական Գրականութեան Շաբաթը Սկիզբ Առած 2 Ապրիլին։


Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է թէ «Ռուսաստանի նախաձեռնութեամբ՝ տօնը ներմուծուել է նաեւ Հայաստան, սակայն անկախութիւնից յետոյ մոռացութեան էր մատնուել: Այն վերականգնուել է 2002ից», Տօնը սովորաբար կը նշուի 6 Մարտին, սակայն այս տարի դպրոցական արձակուրդներու պատճառով անիկա մեկնարկած է 2 Ապրիլին, իսկ բացումը տեղի պիտի ունենայ Գաւառի մշակոյթի պալատին մէջ:
Լեւոն Անանեան նշած է «Չենք ուզում ամէն ինչ կենտրոնացնել Երեւանում: Այսօր Գաւառ կը մեկնեն մանկագիրներ Սուրէն Մուրադեանը, Լիպարիտ Սարգսեանը, Էդուարդ Միլիտոնեանը, Երուանդ Պետրոսեանը եւ Անոյշ Վարդանեանը»։
Տօնական շաբաթուան ընթացքին Խնկօ Ապոր անուան գրադարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիպում բանաստեղծ Ռուզան Ասատրեանի հետ, Աւետիք Իսահակեանի անուան քաղաքային գրադարանին մէջ պիտի կայանայ Մկրտիչ Կորիւնի ծննդեան 100ամեակի եւ Խաժակ Գիւլնազարեանի 95ամեակի տօնակատարութիւններ:








All the contents on this site are copyrighted ©.