2013-04-05 13:42:49

Եւրօ Գործածող Երկիրներու Անգործութեան Համեմատութիւնը Կը Հասնի 12 Տոկոսի։


Եւրոմիութեան վիճակագրութեան գրասենեակի՝ ՜՜Եուրօսթաթ-ի՝՝ երեքշաբթի 2 ապրիլի հաղորդագրութեան համաձայն, Եւրոյի որդեգրումէն ի վեր (1999-էն ի վեր) առաջին անգամ ըլլալով, եւրոպական միացեալ դրամանիշը գործածող 17 երկիրներուն մէջ, անգործութեան համեմատութիւնը հասած է 12 տոկոսի, փետրուար ամսուան ընթացքին: Ամբողջ Եւրոմիութեան պարագային, անգործութեան համեմատութիւնը 10.9 տոկոս է, կը հաղորդէ Ռոյթըրզ լրատու գործակալութիւնը նշելով նաեւ որ Յունաստանի եւ Սպանիոյ մէջ, անգործութեան համեմատութիւնը յաջորդաբար 26.4 ու 26.3 տոկոս է, իսկ տնտեսական վերիվայրումներ դինմագրաւող Կիպրոսի պարագային՝ 14 տոկոս, սակայն տնտեսագէներ կ՛ակնկալեն, որ յառաջիկայ ամիսներուն հոն եւս անգործութեան համեմատութիւնը զգալիօրէն աճի: Միւս կողմէ, Եւրոպայի մեծագոյն տնտեսութիւն ունեցող Գերմանիոյ մէջ, անգործութեան համեմատութիւնը 5.4 տոկոս է:








All the contents on this site are copyrighted ©.