2013-04-04 14:55:05

Աստուածաշունչի Քահանայապետական Յանձնախումբի Լիանիստ Ժողովը


Աստուծաշունչի Քահանայապետական յանձնախումբը կը կատարէ իր տարեկան լիանիստ ժողովը 8 էն 12
Ապրիլ, հռոմի Տօմուս Սանքթէ մարթէ -ի մօտ, նախագահութեամբ Գերապայծառ Gerard Ludwig Muller –ի վերոյիշեալ յանձնախումբի նախագահ, մինչ ժողովը կը ղեկաւարէ Գերապատիւ Հայր Klemens Stock Աստուածաշունչի Քահանայապետական Յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղար ։
Ժողովին ընթացքին անդամերը կ՜աւարտեն ''Սուրբ Գիրքի ներշնջումն ու Ճշմարտութիւնը'' վերտարութեամբ ուսումնասիրութիւնը։
Տարիներէ ի վեր աստուածաշունչի քահանայապետական յանձնախումբը որոշած է կեդրոնացնել իր ուժերը
ստուգելու թէ ինչպիսի կերպով ներշնչում եւ Ճշմարտութիւն նիւթերը կը յայտնուին աստուածաշունչի զանազան գիրքերու ընդմէջէն։
Սոյն խորհրդածութեան նպատակն է դրականօրէն օժանդակել, որպէսզի ''Ներշնչում եւ ճշմարտութիւն' գաղափարներու խորացուած հասկացողութեամբ, Աստուծոյ խօսքը աւելի ճշգրիտ կերպով ընդունուի բոլոր հաւատացեալներու կողմէն եւ որուն ընդմէջէն Աստուած ինքզինք կը յայտնէ մարդոց եւ զանոնք կը հրաւիրէ իր էետ հայորդակցութեան մէջ մտնելու։









All the contents on this site are copyrighted ©.