2013-04-04 14:59:46

Ամերիկացի Գիտնական Մը Կ՛ահազանգէ Մրենի Տաճարի Փլուզման Վտանգին Մասին


«Արմինիըն Ռիփորթըր» պարբերականը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Թաֆթս համալսարանէն փրոֆ. Քրիսթինա Մարանջի կոչ ուղղած է պահպանելու Կարսի շրջանին մէջ գտնուող Մրենի տաճարը:
Փրոֆ. Մարանջի, որ կ՛ուսումնասիրէ բիւզանդական շրջանի ճարտարապետութիւնն ու մշակոյթը, ինչպէս նաեւ Անդրկովկասի, մասնաւորաբար` Հայաստանի ճարտարապետութիւնը, կը նշէ, որ տաճարը փլուզման վտանգի տակ է:
«638-ին թուագրուող Մրենի վանքը համաշխարհային մշակոյթի գլուխ գործոց է եւ հայկական ճարտարապետութեան «Ոսկեդար»-ի ձեռքբերումը», ըսած է գիտնականը:
Ան նշած է, որ Բիւզանդիոնի կայսր Հերակլիոսին պատկանող գրութիւն եւ իւրայատուկ բարձրաքանդակ կայ, որ կը պատմէ իսկական խաչը Երուսաղէմ վերադարձնելու մասին: «Մրենի տաճարը անգնահատելի նիւթ կը պարունակէ պատմութեան ամէնէն ողբերգական եւ տակաւին քիչ փաստարկուած պահերէն մէկուն մասին», ըսած է ան: Քրիսթինա Մարանջի մտահոգ է, որ Մրենի տաճարը կրնայ այլեւս չդիմանալ:
1990-ական թուականներուն եւ 21-րդ դարու առաջին տասնամեակներուն ընթացքին առնուած լուսանկարները ցոյց կու տան, որ եկեղեցւոյ հիւսիսային ճակատը աստիճանաբար կը կործանի







All the contents on this site are copyrighted ©.