Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Կ՛այցելէ Սուրբ Պետրոս Առաքելապետի Դամբանը։
Երկուշաբթի ապրիլ 1-ի յետմիջօրէին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ընկերակցութեամբ
Սուրբ Պետրոս տաճարի աւագ քահանայ` կարտինալ Անճելօ Գոմասդրիի`, այցելեց Սուրբ Պետրոս
Պազիլիքայի տակ գտնուող` Ս. Պետրոսի գերեզմանը ուր զետեղուած են Պետրոս առաքելապետի աճիւնները։ Ասիկա
առաջին անգամն է որ Քահանայապետ մը կ՛այցելէ սոյն գետնադամբանը որուն վրայ ժամանակներու
ընթացքին կառուցուեցան երկու տաճարներ, առաջինը` Կոստանտին կայսեր կամքով 322-ին, եւ
երկրորդը այսօրուայ Սուրբ Պետրոս տաճարը, որուն շինութիւնը սկսած էր 16-րդ դարուն։