2013-04-03 12:44:32

Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Մէջ Ս. Զատկուան Հաւաքը։


Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ Կիրակի, Մարտ 31ին, Ս. Զատկուան առիթով հաւաք մը տեղի ունեցածէ՝ առանց սակայն Ս. Պատարագի մատուցման ( «Մարմարա», «Արմէնփրէս», «Նիուզ»). Թրքական «Ռատիքալ» թերթը կը գրէ, թէ Ս. Զատկուան օրը Հայ հաւատացեալներ Ս. Կիրակոս Եկեղեցին հաւաքուեցան, բայց հոգեւորականի չգոյութեան պատ-ճառաւ՝ արարողութիւն չկատարուեցաւ։
Անցեալ Նոյեմբերին, գրեթէ դար մը լռութենէ ետք, Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ զանգը դարձեալ հնչած էր, հոն տեղի ունեցած նորոգութիւններէն ետք:
Նշենք, որ 1400 հաւատացեալ ընդունելու կարելիութիւն ունեցող Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին կառուցուած է 1376ին: Մերձաւոր Արեւելքի ամենամեծը հանդիսացող սոյն եկեղեցւոյ զանգակատունը 1913ին քանդուած էր կայծակի մը հարուածէն, որմէ ետք տեղւոյն հայերը նոր զանգակատուն կառուցեցին՝ զանգը ձուլելով ոսկիի եւ պղինձի խառնուրդէ մը: 1914ին, թուրքերը թնդանօթով քանդեցին զանգակատունը, պարզապէս, որովհետեւ անիկա աւելի բարձր էր շրջակայքի մզկիթներու մինարեթներէն: Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին 1980էն ի վեր լքուած էր իր ճակատագրին : Բայց Պոլսոյ մէջ ապրող Տիգրանակերտցի Հայերը միասնաբար ստեղծեցին Սուրբ Կիրակոս Հիմնադրամը՝ վերանորոգելու համար եկեղեցին: Վերանորոգման ծախսերու հարիւրէն 70 տոկոսը ապահովեց սոյն Հիմնադրամը, իսկ մնացեալը՝ Տիգրանակերտի Քաղաքապետարանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.