2013-04-03 11:02:41

2 Ապրիլ 2013։ Յովհաննէս Պօղոս Բ Սրբազան Քահանայապետի Մահուան 8րդ Տարելից։


Երջանկայիշատակ ՅՊԲ սրբազան քահանայապետի 8րդ տարելիցի առթիւ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 2 ապրիլ 2013-ի երեկոյեան ժամը 19-ին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի փակումէն ետք, այցելութիւն կատարած է անոր շիրիմին որուն առջեւ երկարօրէն աղօթած է, ընկերակցութեամբ իր անձնական քարտուղար` գերապածառ Ալֆրէտ Կզուէրէպի եւ Սուրբ Պետրոսի տաճարի աւագերէց` կարտինալ Գոմասդրիի։
Նորին Սրբութիւնը կանք առած ու աղօթած է նաեւ Յովհաննէս ԻԳ եւ Պիոս Ժ քահանայապետներու շիրիմներու առջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.