2013-04-02 14:46:36

Սրբազան Արարողութիւններ Զմմառու Վանքի Եկեղեցւոյ Մէջ։


Աւագ Շաբաթ օրը՝ (30 Մարտին՝ Զատկի Ճրագալոյցին, Մարգարէութեանց ընթերցումներէն ետք, Յարութեան Ս. Պատարագ մատուցեց Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթէրեան, որուն աւարտին՝ օրհնուեցան եկեղեցւոյ բոլոր խորանները:
Քրիստոնէական Զատկի տօնը կը յիշատակէ Մարդկութեան ձերբազատումը մեղքի գերութենէն Քրիստոսի Յարութեամբ: Դիտելի է որ Հայ Ծէսին բոլոր կիրակիները նուիրուած են Քրիստոսի Յարութեան:
Կիրակի 31 Մարտին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ձայնաւոր Ս. Պատարագ մատուցեց Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Ընդհանուր Փոխանորդ և Զմմառու Վանքին Մեծաւոր Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան: Որմէ ետք պատարագիչ Հայրը, Վարչական Հայրերը, խորանի սպասաւորները և ժողովուրդը Յարութեան շարականներ երգելով, թափօրով ուղղուեցան վանքիս դահլիճը, ուր Տնօրհնէք կատարելէ ետք՝ ընդունուեցաւ ժողովուրդի նորհաւորութիւնները, ապա աւանդական հաւկթախաղը տեղի ունեցաւ:
Տարուայ հինգ տաղաւար տօներուն յաջորդ օրը հայ ծէսին մէջ մեռելոց է:
Երկուշաբթի մէկ Ապրիլին, (Օր Մեռելոց) առաւօտեան ժամը 8-ին, Ս. Պատարագ մատուցեց Գերյ. Հ. Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեան, ապա Վանքիս հասարակութիւնը թափօրով ուղղուեցաւ դէպի Միաբանական Գերեզմանը, ուր Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Միաբանութեան անդամ ննջեցեալ Կաթողիկոսներուն, եպիսկոպոսներուն եւ վարդապետներուն հոգիներուն համար, որմէ ետք օրհնուեցաւ Միաբանից Դամբարանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.