2013-04-02 12:59:28

Սուրիոյ Պատերազմը։


՝՝Սուրիոյ Մէջ Միակողմանի Որոշումներուն Կեանքը Կարճ Է՝՝ Կ՝ըսէ Ալճերիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը՝՝։
Միւս կողմէ Վիքթորիա Նուլընտ Կը Յայտարարէ՝՝ Միացեալ Նահանգներ Կը Քննարկեան Սուրիոյ Վերեւ Թռիչքներու Արգիլեալ Գօտիի Հաստատման Կարելիութիւնը՝՝։

Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարար Մուրատ Մատլսի, խօսելով Արաբական Լիկային մէջ Սուրիոյ Աթոռը սուրիական ընդդիմութեան տալու քայլին մասին, յայտարարեց, որ այն որոշումները, զորս սուրիացիներուն մէկ մասը անջատաբար կու տայ, երկարատեւ պիտի չըլլան:
Ան հաստատեց, որ իր երկիրը չմիջամտելու քաղաքականութեան կը հետեւի եւ իր այդ կեցուածքը որդեգրած է հիմնուելով Արաբական Լիկայի ուխտին վրայ, որ պետութեան մը Աթոռը «պետութիւն չեղող կողմի մը յանձնել» չ՛արտօներ:
Իսկ Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը կը հաղորդէ որ իսրայէլեան բանակէն տիւրզի հարիւրաւոր զինուորներ պատրաստակամութիւն յայտնած են Սուրիա մեկնելու` մասնակցելու համար տիւրզիական Խըտըր գիւղին մէջ սուրիական ընդդիմութեան դէմ մղուող կռիւին:
Նոյն Օրաթերթը կը նշէ, որ Իսրայէլի մէջ տիւրզի համայնքէն ներկայացուցիչներ մտահոգ են այն իրողութենէն, որ Սուրիոյ տագնապի սկիզբէն ետք առաջին անգամ ըլլալով Սուրիոյ մէջ տիւրզիական վայրեր յարձակումի կ՛ենթարկուին
Միւս կողմէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ յայտարարեց, որ «Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի հաստատման կարելիութիւնը կը քննարկեն»: Ան աւելցուց, որ «մենք սուրիական տագնապի խաղաղ լուծման աջակցելու համար բոլոր ընտրանքները կը սերտենք:
Ան նաեւ յայտարարեց, որ Սուրիոյ ընդդիմադիր եւ յեղափոխական ուժերու Ազգային համաձայնական մարմինի ղեկավար Մաազ Խաթիպ, որ 24 մարտին յայտարարած էր, որ կը հրաժարի, փոխած է իր միտքը եւ պիտի մնայ այդ պաշտօնին` մինչեւ իր պաշտօնավարութեան վեցամսեայ ժամկէտին աւարտը:
Հուսկ՝ իսրայէլեան «Տեպքա» կայքէջը հաղորդած է որ Սէուտական Արաբիա սուրիացի ընդդիմադիրներուն ծանր զէնքեր կը մատակարարէ, որպէսզի անոնց կողմէ Հալէպի գրաւման օժանդակէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.