2013-04-02 13:10:10

Պեռլինի Մէջ ՝՝Օսմանեան Հայկական Ժառանգութիւնն ու Յիշողութիւնը՝ Թուայնացման Ժամանակներուն՝՝ Նիւթով Համագումար։


Մարտ 27-ին Պեռլինի մէջ տեղի ունեցաւ միօրեայ համագումար՝ մը «Օսմանեան հայկական ժառանգութիւնն ու յիշողութիւնը թուայնացման ժամանակներուն» նիւթով։ Ձեռնարկը համատեղ կազմակերպուած էր Յուշամատեան միութեան եւ Հայնրիշ Պէօլ հիմնադրամին կողմէ։ (Այս մասին կը հաղորդեն Յուշամատեան Միութենէն):
նոյն օրը,Մարտ 27ին, Հայնրիշ Պէօլ Հիմնադրամի շէնքին մէջ, տեղի ունեցաւ նաեւ Յուշամատեանի Ցուցահանդէսին բացումը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Մայիսի սկիզբը։ Ցուցահանդէսը պատրաստած է Յուշամատեանի արուեստի պատասխանատու՝ Սիլվինա Տէր Մկրտիչեան։
Մարտ 27-ի երեկոյեան նոյն շէնքին մէջ եւ դարձեալ համագումարին ընդհանուր նիւթով կազմակերպուեցաւ նաեւ կլոր սեղան մը, որուն մասնակցեցան Էլքը Հարթմանն, Հիւլիա Ատաք (Սապանճի համալսարանէն) եւ Միքայէլ Տորմանն (Պեռլինի «Գաղթ, արտաքսում եւ հաշտութիւն» հիմնադրամի ներկայացուցիչ)։ Հանդիսավարն էր Ուլրիքէ Տուֆներ։
Յուշամատեան Միութեան համար այս մէկը իր կողմէ կազմակերպուած առաջին գիտական համագումարն ու ցուցահանդէսն է։ Այս տարի նախատեսուած է նաեւ Յուշամատեանի առաջին գիրք-ալպոմին հրատարակութիւնը։ Ասոնք զուգահեռ գործունէութիւններ են Յուշամատեանի գլխաւոր աշխատանքին, որն նոյնանուն կայքէջն է։ Բոլոր այս գործերուն առանցքը կը մնայ Օսմանեան կայսրութեան Հայերու Ժառանգութեան եւ Յիշողութեան Վերականգնումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.