2013-03-31 09:30:28

Ներսէս Պետրոս ԺԹ.Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետական Պատգամը Սուրբ Յարութեան տօնին առթիւ


Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան առիթով, ի ձայն ցնծութեան Ձեզի կը փոխանցենք մեր Հայրապետական պատգամը Արհիապատիւ Արքեպիսկոպոսներ, Եպիսկոպոսներ եւ Առաջնորդներ, պատուական հովիւներ, սարկաւագներ, առաքինազարդ կուսաններ, յարգարժան հաստատութիւններու եւ միութիւններու պատասխանատուներ եւ աշխարհի վրայ սփռուած բոլոր մեր բարեպաշտ Հայ Կաթողիկէ հաւատացեալներ:
«Հարկ է որ գտնուի մէկը որ մեզի հետ ըլլայ վկայ Յիսուսի Յարութեան» (Գ. Առ. 1,22)

Յոյժ սիրլելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Յիսուսի փառաւոր Յարութիւնը լսեցինք քիչ առաջ Սուրբ Մարկոսի աւետարանէն: Մեռած մարդու մշտատեւ յարութիւնը Յիսուսէն առաջ պատմութեան մէջ բնաւ տեղի չէ ունեցած: Նոյնիսկ Յիսուսի յարուցած մեռելները, ինչպէս Ղազարոսը, կրկին մեռան:
Աստուած ստեղծած է մարդը որպէսզի չմեռնի: Անմահութիւնը դրոշմուած է մարդուն սրտին մէջ: Մահը, ինչպէս կ΄ըսէ Սուրբ Գիրքը, մեղքի հետեւանքն է: Մահը խանգարեց Աստուծոյ ծրագիրը ի նպաստ մարդոց, եւ մատնեց մարդը յուսահատութեան եւ փրկուելու անկարողութեան: Բայց, ո՛չ ոք կրնայ քանդել Աստուծոյ ծրագիրը: Ամենակալն Աստուած իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց մարդը ազատելու համար մեղքի բռնութենէն: Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը մեծ յաղթանակ մը արձանագրեց մահուան դէմ, ի շահ բոլոր մարդկային ցեղին: Զայն կը վայելեն բոլոր անոնք որոնք Յիսուսին կը հաւատան, եւ Անոր Յարութեան վկաներ են: Այս եղաւ պայմանը, այսինքն Յիսուսին Յարութեան վկայ ըլլալը, որ առաքելապետը՝ Սուրբ Պետրոսը պահանջեց, որպէսզի Յուդայի տեղ, տասներկու առաքեալներուն կազմը վերահաստատուի: Եւ Մատաթիա ընտրուեցաւ:
Հրեաները, իրենց Զատիկը, այսինքն իրենց ազատումին յիշատակը Փարաւոնի գերութենէն, տարին մէկ անգամ կը տօնեն: Քրիստոնեաները, իրենց Զատիկը, այսինքն իրենց ազատումը մահուընէն, Յիսուսի Սուրբ Յարութեամբ, սկսած են տօնել ամէն կիրակի, որ է Սուրբ Յարութեան օրը, անկէ ետք, ամէն օր՝ Սուրբ Պատարագի ընթացքին:
Ի՞նչ ըսել է Յիսուսի Յարութեան վկայ ըլլալ: Եթէ Յարութիւնը կը նշանակէ յաղթանակը մահուան վրայ, եւ մահը կը նշանակէ բոլոր ժխտական պատահարները որ մեզի ցաւ կը պատճառեն, ինչպէս տխրութիւնը, յուսալքումը, հիւանդութիւնը, գործուած մեղքերը, մեր անկարողութիւնը: Յարութեան վկայ ըլլալ կը նշանակէ այս ժխտական կէտերէն դուրս գալ եւ Յիսուսի Յարութեան յաղթանակին մասին վկայել: Ասիկայ կարելի է միայն հիմնուելով Յիսուսի կողմէ մեզի շնորհուած ուժին վրայ, շնորհքին վրայ: Ով որ կը կարծէ, որ իր անձնական ուժերովը՝ իր ուշիմութեամբ, դրամով կամ գիտութեամբ կրնայ յաղթել իր կեանքի ամէն տեսակ դժուարութեան՝ յուսախաբութեան կը մատնուի, որովհետեւ անոր անկարողութիւնը թոյլ պիտի չտայ իրեն:
Բայց ով որ կը նկատէ, թէ ամենակարող Հայր Աստուած մ΄ունի երկինք, թէ վարդապետ մ΄ունի՝ Յիսուս, որ յաղթեց մահուան եւ թէ Սուրբ Հոգին մ΄ունի, որ անդադար իրեն իմաստուն ներշրչումներ կը պարգեւէ, այդ անձը Սուրբ Աւետարանի լոյսով կ΄ընթանայ, իր սահմանները կը գիտակցի, բայց ամենէն կարեւորը՝ Աստուծոյ կամքը կը ճանչնայ եւ զայն կատարելու համար ջանք կը թափէ ամէն օր:
Այդ հաւատաւոր անձը երջանիկ է եւ խաղաղութեամբ կ΄ապրի, ո՛չ որովհետեւ կատարեալ առողջութիւն կը վայելէ, կամ բոլոր մարդոց կողմէ գնահատուած է, եւ կամ որովհետեւ առօրեայ կեանքի նեղութիւններ չունի, այլ՝ որովհետեւ գիտէ թէ նշեալ դժուարութիւնները մաս կը կազմեն Աստուծոյ ծրագրին: Այդ հաւատացեալը կ΄ընդունի իր ներկայ վիճակը եւ սրտի խաղաղութիւնը կը վայելէ, այդ աստիճան, որ իր հարեւանները, որոնք տեղեակ են իր ցաւերուն եւ նեղութիւններուն, կը զարմանան անոր խաղաղ եւ ուրախ տրամադրութեան վրայ:
Ծաղկազարարդին տօնին առիթով, իր քարոզին ընթացքին, նորընտիր Սրբ. Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այսպէս արտայայտուեցաւ. «Այրեր եւ կիներ, բնաւ տխուր մի՛ ըլլաք: Քրիստոնեան չի ճանչնար տխրութիւնը: Եւ բնաւ տեղի մի՛ տաք յուսահատութեան»: Եւ շարունակեց ըսելով. «Մեր ուրախութիւնը հիմնուած չէ մեր հարստութեան վրայ, այլ՝ մեր հանդիպումին վրայ Յիսուսին հետ: Որովհետեւ, մենք գիտենք, որ Անոր հետ մենք բնաւ առանցին չենք ըլլար, մանաւադ դժուար պահերուն, երբ մեր առօրեայ կեանքը կը բախի զանազան հարցերուն եւ խոչընդոտներուն, որոնք անգերազանցելի կը թուին մեզի համար. Եւ ասոնք քիչ չեն»: Եւ աւելցուց կրկնելով երկու անգամ. «Չըլլա՛յ թէ ձեզմէ գողնան, այսինքն ձեզմէ խաբանեն ձեր յոյսը»:
Սուրբ Յարութեան վկայ է.
Ան որ իր անձնական փորձառութեամբ գիտցաւ ինչպէս յաղթել տխրութեան, հպարտութեան եւ այլ մեղքերուն:
Ան որ, ժամանակին իր ընկերները կը դատէր ու դատապարտէր, հիմա սկսած է անոնց արդարացում գտնել:
Ան որ, ժամանակ չէր գտներ աղօթելու, հիմա ամէն օր ժամանակ կը տրամադրէ աղօթքին, որուն մէջ անհրաժեշտ սնունդը կը գտնէ իր առօրեայ կեանքին համար, ապրելու իբր հարազատ քրիստոնեայ:
Ան որ անձնասէր ու դրամասէր էր եւ մարդոցմէ գնահատանք կը սպասէր, սկսաւ հիմա հասկնալ, որ եղբայրասէր ըլլալ եւ միայն Աստուծմէ սէր սպասել, իրեն համար թանկագին բան է եւ իր սրտին խաղաղութիւն կը բերէ:
Մէկ խօսքով՝ ան որ առաջ կ΄ուզէր իր կամքը կատարել, փայլիլ մարդոց առջեւ եւ հարուստ ըլլալ, աւելի երջանկութիւն գտաւ Աստուծոյ կամքը փնտռելով աղօթքի եւ Սուրբ Գիրքի ընթերցումի միջոցաւ, եւ անոր խօսքը կատարելով: Իսկ մնացածը ունայնութիւն համարեց, ինչպէս մեզի տիպար օրինակ կը հանդիսանան Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին եւ մեր բազմաթիւ Սուրբ Հայրերը:
Ան որ անձնասիրութիւնը մէկդի դնելով սկսած է իր ժամանակը տրամադրել վկայելու Աստուծոյ մեծ ողորմութեան վրայ, եւ մանաւադ Աստուծոյ սէրը մեղաւորներուն հանդէպ, որպէսզի իրեն դառնան եւ երջանիկ ըլլան:
Ան որ չամչնար ապրիլ իր քրիստոնեայ կեանքը եւ զայն զուարթութեամբ եւ համեստութեամբ արտայայտել բոլորին առջեւ:
Ան որ ամէն օր ժամանակ կը տրամադրէ զԱստուած փառաբանելու եւ անոր արքայութիւնը տարածելու մարդոց միջեւ, նման հարիւրաւոր այր ու կին քարոզիչներու:
Այո՛, այս է Քրիստոսի Յարութեան կենդանի վկան, եւ անիկայ արժանի է Յիսուսի առաքեալներուն հետ դասուելու, Մատաթիայի նման:
Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, մաղթանքս է որ ձեզմէ ամէն մէկը կարենայ վերոյիշեալ ուրախ փորձառութիւնը ունենալ, եւ իր շրջանակին մէջ վկայել Յիսուսի Յարութեան, եւ Քրիստոսի բազմաթիւ աշակերտներ շահիլ. ամէն:
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵՐԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ







All the contents on this site are copyrighted ©.