2013-03-30 10:51:51

Գուպայի Կարտինալ Օրդեկան կը Յայտնէ ֆրանչիսկոս Պապին Կատարած Մէկ Միջամտութիւնը Կարտինալներու Ժողովին։


Աւագ Հինգշաբթի օրուայ մերոնի պատարագին արտասանած քարոզին ընթացքին Հավանայաի առաջնորդը կարտինալ Օրդեկան հաւատացեալներուն առջեւ կը կարդայ ֆրանչիսկոս պապին արտասանած մէկ միջամտութիւնը կարտինալներու ժողովին։ Կարտինալ Պերկոլիոյի միջամտութիւնը, որ վարդապետական, լուսաբանիչ ու յանձնառու հանգամանք ունեցաւ, կը ներփակէ չորս կէտեր. վերաւետարանութիւն, դուրս գալ Եկեղեցւոյ ինքնափառաբանութենէն, Եկեղեցւոյ բարեփոխում եւ հուսկ նոր Քահանայապետին առաքելութիւնը պէտք է կայնայ` Յիսուսի օրինակին հետեւելով, Եկեղեցւոյ օգնել երթալու կորսուած ոչխարին ետեւէն, հոն գտնուիլ ուր բոյն հաստատած է չարը, անարդարութիւնը ու վիշտը։ Եկեղեցին, կանչուած է աշխատելու Աւետարանին ի սպաս։
Յայտնենք որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր առաջին Ընդհանուր Ունկնդրութեան ընթացքին լայնօրէն անդրադարձաւ վերոյիշեալ չորս կէտերու մասին եւ կը թուին յայտագիրը ըլլայ իր քահանայապետութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.